Wednesday Jun 19, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Aug 04, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Արձակուրդի օրերուն խոյս տուէք ձեզի առաջարկուած անյարմար գործերէ: Դուք արժանի էք խաղաղ եւ հանգիստ մթնոլորտի մէջ մնալու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օգտուեցէք ձեր ազատ ժամերէն` հանգիստի պահեր ստեղծելու: Կրնաք փոփոխութեան ենթարկել ձեր որոշումը` օգտուելով նորութիւններէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պէտք է որ տաք նոր ու կարեւոր որոշումներ, որպէսզի կարենաք յաջողութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրը: Օրը իմաստութիւն կը պահանջէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետաքրքրուեցէք նորութիւններով, որովհետեւ մարդ միշտ պէտք ունի սորվելու: Հեռու մի՛ մնաք ընկերային շրջանակէ, միացէք բարեկամներու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Փոփոխութիւն բերէք ձեր վերաբերումին մէջ, նախ` հանդէպ դուք ձեզի: Չէ՞ք կարծեր, որ խիստ էք դուք ձեր նկատմամբ: Բարելաւումի պէտք ունիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Զոյգերը պէտք է գործակցին համաձայնութեամբ, որպէսզի սխալ մը չգործեն: Որքան համերաշխ ըլլան, այնքան դիւրին կը յաջողին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կրնաք ընել այն ամէն ինչը, որ պէտք է ձեր առողջութիւնը պահպանելու համար: Այս տաք եղանակին ուշադիր եղէք ձեր կերածին: Առատ ջուր խմեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սիրոյ պատմութիւն մը նոր դարձուածք մը պիտի ունենայ ձեր կեանքին մէջ: Ըրէք այնպէս, որ մնաք իմաստութեան խորհուրդով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճշմարտութիւնը ըսէք, ի՛նչ պարագայի մէջ ալ որ գտնուիք: Աւելի լաւ է լուռ մնալ, քան թէ անկիւններ դառնալ` ճշմարտութիւնը քողարկելու համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արուեստագէտի խմոր ունեցողները կրնան արտայայտել իրենց զգացումները: Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ` ստեղծագործելու իմաստով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երբ հաճոյք կ՛առնէք ձեր աշխատանքէն, այս կը դրսեւորուի: Այսօր պիտի կարենաք լաւ արդիւնքի հասնիլ` շնորհիւ ձեր ճարտարութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք հմայելու շնորհ, որով պիտի կարենաք ունենալ ձեր փնտռածը: Մնացէք ձեր բնական խառնուածքով, առանց ուրիշին նմանելու փորձ կատարելու:

Leave a Reply

Advertisement