Thursday Jun 20, 2013

Հայաստանի Մասին Անդրադարձ` Կրօնական Ազատութեան Վերաբերող Ամերիկեան Զեկուցումին Մէջ

By adminx - Fri Aug 03, 7:54 am

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս հրապարակեց զեկուց մը` աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ:

Զեկուցումին մէջ առանձին հատուած կայ նաեւ Հայաստանի մասին: Մասնաւորաբար գրուած է, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ դաւանանքի ազատութիւնը, այսուհանդերձ, կան օրէնքներ, որոնք որոշակի խումբերու համար կրօնական սահմանափակումներ կը նախատեսեն:

«Հայաստանի բնակչութեան 90 առ հարիւրը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դաւանողներ են: Կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վերաբերմունքը բացասական է», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Այդ բացասական վերաբերմունքը կը նկատուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւնները կը դիտուին իբրեւ վտանգ` պետութեան համար: Կը մէջբերուին շարք մը հանրապետական գործիչներու խօսքերը, որոնք աղանդները կը նկատեն պատերազմէն ալ վտանգաւոր: Ասոր հետ կապուած` զեկուցումին հեղինակները կը նշեն, որ յատկապէս Հանրապետական կուսակցութեան անդամները ընտրութիւններէն առաջ կը շահարկէին աղանդներու նիւթը:

 

Leave a Reply

Advertisement