Thursday May 23, 2013

Ելեկտրական Ընկերութեան Սարակներուն Թղթածրարը Լուծուեցաւ

By adminx - Fri Aug 03, 7:50 am

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը երէկ արժանացաւ քաղաքական լուծումի մը` հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

93 օրուան նստացոյցէ ետք, սարակները ողջունեցին իրենց հարցին լուծումը եւ շեշտեցին, որ այսօր իսկ պիտի լքեն Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ գոյացած այս համաձայնութեան մասին յայտարարութիւնը կատարուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնէն:

Այն Թինէի եւ Ռապիէի միջեւ տեղի ունեցած քաղաքական բանակցութիւնները` լուծելու համար սարակներուն հարցը, ի վերջոյ յանգեցան դրական արդիւնքի մը, որուն շրջագիծին մէջ սարակներուն պիտի տրուի երեք ամսուան աշխատավարձ եւ նիւթական հատուցում, Պըրրիէն խոստում` օրինական եւ սահմանադրական ձեւ մը ապահովելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սարակներուն մէկ մասը հաստատել իբրեւ մնայուն պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ անձնական ընկերութիւններուն հետ աշխատանքի պայմանները բարելաւելու համար:

Նշենք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ սարակներու թղթածրարին համար գոյացած լուծումը բոլորը կը գոհացնէ եւ ոչ մէկ բացթողում կը բովանդակէ:

Նշենք, որ այսօր Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի միջեւ հանդիպումէն ետք պիտի յայտարարուի այդ լուծումը եւ վերջ պիտի գտնէ բաց նստացոյցը:

Դարձեալ Ճամբաներու Փակում

Հակառակ սարակներու հարցին շուրջ համաձայնութեան գոյացումին, Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի տագնապը տակաւ կը յամենայ եւ հետզհետէ աւելի կը սրի:

Այս ծիրին մէջ, երէկ գիշերուան ժամը 10:00-էն սկսեալ, քաղաքացիներ անիւներու հրկիզումով փակեցին Քոռնիշ Մազրաայի եւ Քասքասի ճամբաները` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի մնայուն ընդհատումին դէմ:

Leave a Reply

Advertisement