Saturday May 25, 2013

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Դատական Իշխանութեան Մէջ Կատարուելիք Նշանակումներուն Հարցը

By adminx - Fri Aug 03, 7:49 am

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Քըրթպաուի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ յատկապէս դատական իշխանութիւններուն մէջ կատարուելիք նշանակումները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ընկերութեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր որդեգրած միջոցառումները` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը կազմակերպելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 14 օգոստոսին Ժետտայի մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողով կազմակերպութեան վեհաժողովին մանրամասնութիւնները:

Leave a Reply

Advertisement