Friday May 24, 2013

Զօր. Աուն – Քոնելլի Հանդիպում

By adminx - Fri Aug 03, 7:44 am

Դեսպան Քոնելլի եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնեց` Լիբանանի կողմէ 14 սուրիացի քաղաքացիներ Սուրիա վերադարձնելու քայլին իմաստով, «թէեւ Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելն ու անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելը ողջունելի աշխատանք է», նշեց ան:

Քոնելլի նշեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած մահափորձերուն գծով եւ դրուատեց, որ այդ իմաստով լիբանանեան ապահովական կառոյցները հետաքննութիւն բացած են:

Քոնելլի արժեւորեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի հիւսիսային սահմաններուն պաշտպանութեան համար այդ շրջանին մէջ բանակին դիրքաւորումին:

Հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց սուրիական ուժերուն կողմէ լիբանանեան հողերը ռմբակոծումի ենթարկելու արարքը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բռնարարքներուն պատասխանատուութիւնը նախագահ Ասատի վարչակարգին վրայ կը բարդուի:

 

Leave a Reply

Advertisement