Tuesday Jun 18, 2013

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Այցելեցին Փլամպլիի

By adminx - Fri Aug 03, 7:44 am

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքներն ու հարազատները բաղկացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի, որուն հետ քննարկեց առեւանգեալ իրենց հարազատներուն վերաբերող զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է առեւանգողներուն համար ապահով անցքեր տրամադրել, որպէսզի անոնք յանձնեն առեւանգուած լիբանանցիները:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները արտասանեցին խօսք մը, որուն մէջ անոնք շեշտեցին իրենց հարազատներուն վերաբերող զարգացումներուն մասին ՄԱԿ-ը տեղեակ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք հաստատեցին, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ պիտի արձակուին այն պահուն, երբ առեւանգողներուն համար ապահով անցքեր կ՛ապահովուին:

Իր կարգին, Փլամպլի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ամէն ձեւով աշխատելու` հասնելու համար դրական լուծումի մը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement