Տաւութօղլու Եւ Պարզանի Սուրիոյ Մէջ Իշխանութեան Բացը Շահագործելու Փորձերը Դիմակայելու Համաձայնութիւն Կը Գոյացնեն
By adminx - Fri Aug 03, 7:26 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի «ծայրայեղական խմբաւորումներու» կողմէ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան բացը շահագործելու որեւէ փորձ դիմակայելու առնչութեամբ համաձայնութիւն մը գոյացուցին:
Իրաքի քրտական շրջանի նախագահութեան կայքէջին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Տաւութօղլու եւ Պարզանի նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցին սուրիացի ժողովուրդին օժանդակելու իրենց ջանքերը համակարգելու եւ այդ հարցով գործակցելու, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը իրագործէ ժողովրդավար, ազատ եւ բազմատարր Սուրիոյ նկատմամբ իր արդար ձգտումները:
Իրաքի քրտական շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ տեղի ունեցած Տաւութօղլու-Պարզանի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու կողմերը Սուրիոյ մէջ անկայունութեան եւ քաոսին առնչութեամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնած են` աւելցնելով, որ Տաւութօղլու եւ Պարզանի իրենց հանդիպումին ընթացքին շեշտած են, որ իշխանութեան բացը շահագործելու ծայրայեղական որեւէ կազմակերպութեան կամ խմբաւորման փորձը նկատի պիտի առնուի, «եւ այդպիսի հարց մը կը նկատուի հասարակաց սպառնալիք մը, որ պէտք է լուծել միացեալ եւ համակարգուած ձեւով»:
Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ «Նոր Սուրիան պէտք է արմատական, ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներէ ու կազմակերպութիւններէ ազատ ըլլայ»:
Նշենք, որ Պաղտատ բուռն կերպով դատապարտեց Տաւութօղլուի Քերքուք այցելութիւնը:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print




