Thursday Jun 20, 2013

Փանեթա. «Եթէ Պատժամիջոցները Չօգնեն, Միացեալ Նահանգներ Իրանի Դէմ Ուժ Պիտի Կիրարկեն»

By adminx - Fri Aug 03, 7:23 am

Նեթանիահու եւ Փանեթա

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա միջինարեւելեան իր շրջապտոյտին ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու պիտի դիմեն, եթէ տնտեսական պատժամիջոցները չհասնին իրենց նպատակին:

Ըստ օրաթերթին, Փանեթայի այս յայտարարութիւնը կը յատկանշուի աննախադէպ խստութեամբ: Յայտարարութիւնը կատարուած է մեկնելով այն մտահոգութենէն, թէ Իսրայէլ կրնայ առանձին յարձակիլ Իրանի դէմ, իսկ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը Իրանի դէմ նոր պատճամիջոցներ կիրարկելու մասին օրէնք որդեգրած է: Փանեթա այդ պատժամիջոցները նկատած է «ամէնէն խիստը, որ Իրան երբեւիցէ տեսած է»:

«Իրանի հիւլէական զէնքի տէր դառնալը կանխարգիլելու ամէնէն արդիւնաւէտ եղանակը միջազգային ընտանիքի միասնականութիւնն է, ինչ որ Իրանին ցոյց պիտի տայ, որ ինք իր վիճակը միայն աւելի անապահով պիտի դարձնէ, եթէ շարունակէ հիւլէական զէնք ստեղծելու իր ձգտումները», ըսած է Փանեթա:

Leave a Reply

Advertisement