Thursday May 23, 2013

Ըստ «Հաարեց»-ի Բրիտանիա Կը Ջանայ Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաշտութիւն Գոյացնել

By adminx - Fri Aug 03, 7:22 am

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա Սուրիոյ տագնապի մագլցումին լոյսին տակ կը փորձէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց տագնապին վերջ տալու համար միջնորդութիւն կատարել: Թուրքիա եւ Իսրայէլ մերժած են լուրը մեկնաբանել:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Բրիտանիա վերջերս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ վերջինիս թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ փոխադարձ նամակներ փոխանցած է, սակայն ներկայ հանգրուանին կարելի չէ եղած երկու կողմերուն կեցուածքները կամրջել, մասնաւորաբար մայիս 2010-ին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ կատարուած յարձակումէն ետք:

«Հաարեց» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գերմանիա փորձ կը կատարեն թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները իրենց նախկին վիճակին վերադարձնելու կամ առնուազն անոնց վատթարացումը կանխարգիլելու:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ բրիտանական քայլերը ամերիկեան վարչակազմին հետ համակարգուած են, եւ նշեալ երկու երկիրներն ալ կը կարծեն, որ սուրիական տագնապը Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ համար իրենց յարաբերութեանց տագնապին վերջ տալու հասարակաց շահ մը կը ստեղծէ, ինչ որ Սուրիոյ ամէնէն կարեւոր դրացիներուն միջեւ քաղաքական-ապահովական համակարգումի շարունակման պիտի առաջնորդէ եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք շրջանի կայունութեան պահպանման պիտի նպաստէ:

 

Leave a Reply

Advertisement