Monday May 20, 2013

Հնդկաստանի Մէջ 360 Միլիոն Մարդ Ելեկտրականութենէ Զրկուած Է

By adminx - Fri Aug 03, 7:20 am

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի ելեկտրական ցանցերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած խանգարումին պատճառով Հնդկաստանի հիւսիսային հատուածի աւելի քան 360 միլիոն բնակիչ զրկուած է ելեկտրականութենէ:

Բացի Նիւ Տելհիէն, հոսանքէն զրկուած են նաեւ հինգ նահանգներ` Ռաճաստան, Ութար Փրատեշ, Փանճապ, Հիմաչալ Փրատեշ եւ Հարիանա, ուստի բոլոր նահանգներուն մէջ մեթրոյի եւ շոգեկառքերու երթեւեկը ժամանակաւոր կերպով կասեցուած է, իսկ փողոցներուն մէջ իսկական քաոս է:

Ելեկտրականութեան այսպիսի ընդհատումներ Հնդկաստանի մէջ սովորական երեւոյթ են, ներառեալ` մեծ քաղաքներուն մէջ: Սակայն այս ընդհատումը վերջին տասնամեակին մեծագոյնն էր:

Այժմ մասնագէտները կ՛աշխատին ելեկտրական ցանցի բնականոն աշխատանքը վերականգնել:

Leave a Reply

Advertisement