«Համաշխարհային Հանրութեան Մէկ Մասը Կը Հասկնայ, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անտեսումը Հեռանկար Չունի» Կ՛ըսէ Օլեկ Սմիռնով
By adminx - Thu Aug 02, 7:56 am
- 0 Comments
- 95 views
- Tweet
Email
Print
Ուքրանացի փորձագէտ, «Քաղաքականութիւն» վերլուծական կեդրոնի միջազգային նախագիծերու համակարգող Օլեկ Սմիռնով Analitika.at.ua կայքէջին յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցոյց տուին ոչ միայն չճանչցուած հանրապետութեան պետական հիմնարկներու զարգացման աստիճանը, այլ նաեւ Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն:
Ըստ անոր, քաղաքական մեկուսացման եւ տնտեսական շրջափակման պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը ունակ եղաւ կատարելու միջազգային ժողովրդավարական չափանիշերուն համապատասխանող ընտրութիւններ:
Հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները` Լեռնային Ղարաբաղի համար դժուար է ստանալ Արեւմուտքի միանշանակ աջակցութիւնը: Փոխարէնը, մեծաքանակ օտարերկրացի դէտերու մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ համաշխարհային հանրութեան մէկ մասը կը հասկնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի անտեսումը իբրեւ ինքնորոյն պետութիւն անհեռանկարային է:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութիւնները, այս պարագային նախագահ Բակօ Սահակեանի վերընտրութիւնը, կ՛անցնին օրինական ճամբով եւ բնակչութեան ազատ կամքի արտայայտութեան պայմաններուն մէջ: Քաղաքական ինքնագիտակցութեան աճը ղարաբաղեան հանրութեան մօտ կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման միջազգային ասպարէզին մէջ, վստահ է ուքրանացի փորձագէտը: «Անոր վկայութիւնն է շարք մը եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արձագանգը. անոնք յայտարարեցին, որ չեն ճանչնար ընտրութիւնները` հասկնալով սակայն անոնց նշանակութիւնը», յայտարարեց Սմիռնով:
- 0 Comments
- 95 views
- Tweet
Email
Print




