Thursday Jun 20, 2013

Եգիպտոսի Նոր Նշանակուած Վարչապետը Արտաքին Գործոց Եւ Ելեւմուտքի Նախարարները Իրենց Պաշտօններուն Վրայ Կը Պահէ

By adminx - Thu Aug 02, 7:24 am

Հիշամ Քանտիլ

Եգիպտոսի նոր նշանակուած վարչապետ Հիշամ Քանտիլ որոշեց ներկայ ելեւմուտքի նախարար Մումթազ Սայիտը, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոն, գիտական հետազօտման նախարար Նատիա Զախարին, ապահովագրութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Նաժուա Խալիլը եւ հնագիտութեան նախարար Մոհամետ Իպրահիմը պահել իրենց պաշտօններուն վրայ:

Ան որոշեց Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան անդամ Մուսթաֆա Մասաատը, որ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ընտրական գրասենեակի ղեկավարն էր, նշանակել կրթութեան նախարար:

Քանտիլ Քաֆար Շէյխի նախկին նահանգապետ զօր. Ահմետ Զաքին կ՛առաջադրէ իբրեւ տեղական բարգաւաճման նախարար, իսկ Ապտել Քաուի Խալիֆան` իբրեւ ըմպելի ջուրի եւ կոյուղիներու հարցով նախարար:

Leave a Reply

Advertisement