Monday May 20, 2013

Լաթվիա Կը Պահանջէ Յունաստանը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Դուրս Բերել Եւրոյի Գօտիէն

By adminx - Thu Aug 02, 7:22 am

«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ Լաթվիոյ ելեւմուտքի նախարար Անտրիս Վիլքս յայտարարած է, որ իր երկիրը պահանջած է, որ Յունաստան որքան կրնայ շուտ դուրս բերուի Եւրոյի գօտիէն: Ըստ անոր, «անհրաժեշտ է անյապաղ ելք գտնել Յունաստանին Եւրոյի գօտիէն դուրս բերելու համար»:

Վիլքսի հետ համակարծիք է նաեւ Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի ելեւմուտքի նախարար Մարքու Զիոտեր, որ վերջերս յայտարարած էր. «Եւրոյի գօտիէն Յունաստանի դուրս գալուն այլընտրանք չկայ, որովհետեւ երկիրը ոչ միայն չի կրնար, այլ նաեւ ցանկութիւն չունի բարեփոխումներու իրականացման մարզին մէջ իրեն ներկայացուած պահանջները կատարելու»:

Ըստ անոր, միւս երկիրները շատ հանգիստ «պիտի տանին» Յունաստանի անդամակցութեան դադրեցումը, իսկ Եւրոյի գօտին ալ պիտի պահպանէ իր կայունութիւնը այն պարագային, եթէ բաղկացած ըլլայ միայն ուժեղ եւ ոչ թէ թոյլ գործընկերներէ:

Ի տարբերութիւն Յունաստանի, Լաթվիան, որ ոչ վաղ անցեալին կը գտնուէր սնանկացման եզրին, իրականացուցած է միջազգային վարկատուներու կողմէ իրեն ներկայացուած բոլոր պահանջները, եւ ասոր շնորհիւ անսպասելի կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ դուրս եկած է ճգնաժամէն: Այժմ երկիրը յոյս ունի մօտիկ ապագային Եւրոյի գօտիին միանալու:

Leave a Reply

Advertisement