Monday May 20, 2013

Հանդիպում Սուրիահայերու Հետ

By adminx - Thu Aug 02, 7:17 am

31 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը Սուրիայէն վերջին շրջանին ժամանած, ինչպէս նաեւ երեւանաբնակ սուրիահայերու հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան սուրիահայերու վիճակը եւ անոնց կողմէ բարձրացուած հիմնախնդիրները:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող գլխադասային նախարարութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնն է:

Ամիսներ առաջ նախարարութեան մէջ հիմնուած է աշխատանքային խումբ մը, որ ոչ միայն բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրած է սուրիահայութեան կողմէ բարձրացուած հիմնախնդիրները, այլեւ դասակարգած է զանոնք եւ վերահասցէագրած  պետական կառավարման այն մարմիններուն, որոնց գործունէութեան մարզին առնչուած են անոնք:

Նախարարը մասնաւորապէս տեղեկացուց, որ ստեղծուած աշխատանքային խումբը օդակայանէն կը դիմաւորէ սուրիահայերը, անոնց կը բաժնէ տեղեկատուական թերթօններ եւ օրուան ընթացքին կ’ընդունի այն սուրիահայերը, որոնք կ’այցելեն Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն: Այցելուները, որոնց թիւը 10-էն կ’անցնի, տարբեր խնդիրներով կը դիմեն նախարարութիւն:

Տիկին Յակոբեան նշեց, որ մօտակայ 10 օրուան ընթացքին ուժի մէջ կը մտնեն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ընդունուած 2 կարեւոր որոշումներ, որոնք ընդունուած են սուրիահայերու պահանջներուն համապատասխան: Ըստ այդմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայերը առաջին անգամ անձնագիր կրնան ստանալ Սուրիոյ մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հիմնարկներէն` Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն, իսկ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն: Հայաստանի կառավարութեան մէկ այլ որոշումով սուրիահայերը վիզա կրնան ստանալ ոչ միայն Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն, այլեւ Հայաստանի սահմանին վրայ:

Անդրադառնալով հանրակրթութեան ոլորտին մէջ սուրիահայ երեխաներու կրթութեան կարելիութեան` նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ «Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան առջեւ բարձրացուած են շարք մը հարցեր: Անոնցմէ առաջնայինը արեւելահայերէնի արագացուած դասընթացքներու կազմակերպման խնդիրն է: Այսօր արդէն Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ սփիւռքի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ջանքերով սկսած են արեւելահայերէնի դասընթացքները»:

Նախարարութիւնը միաժամանակ դիմած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` քննարկելու եւ գտնելու կարելիութիւններ սուրիահայ ուսանողներու համալսարան ընդունուելու հարցազրոյցները աւելի պարզեցուած կարգով անցնելու, ինչպէս նաեւ հաւասարեցնելու անոնց ուսման վարձավճարները Հայաստանի քաղաքացիներու ուսման վարձավճարներուն:

Եւ այսօր արդէն կայ համաձայնութիւն այն մասին, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը քայլերու պիտի ձեռնարկէ նախապատրաստական բաժիններու վարձավճարները հաշուարկելու 50 տոկոսի չափով, իսկ ուսման վարձավճարներու զեղչման հարցը քննարկելու` հաշուի առնելով տուեալ անձի նիւթական վիճակը:

Ինչպէս արդէն հաղորդուած է, կարելիութեան սահմաններուն մէջ առաջնահերթութեան կարգով ուսանողական հանրակացարաններուն մէջ տեղեր պիտի  տրամադրուին սուրիահայ ուսանողներուն:

Նախարարը նշեց, որ Հայաստանի առողջապահական նախարարութիւնը կը լուծէ առողջական խնդիրներ ունեցող սուրիահայերու բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման հարցերը:

Ըստ Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականներու պետական ծառայութեան տուեալներուն, մինչեւ այսօր իրենց  դիմած են մօտ 30 ընտանիք, որոնք ապահովուած են համապատասխան կացարաններով:

Նախարար Յակոբեան նշեց, որ «Արի տուն» ծրագիրին, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին  եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն», «Երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացքներուն» սուրիահայ երիտասարդները մասնակցած են  եւ կը  շարունակեն մասնակցիլ:

Նախարարը ընդգծեց, որ «ստեղծուած իրավիճակում Հայաստանի կառավարութիւնը նպատակայարմար է գտնում համագործակցելով մասնաւոր հատուածի հետ կազմակերպել յաւելեալ չուերթներ Սուրիա` երեխաներ տեղափոխելու եւ նրանց ամառնային հանգիստը Հայաստանում կազմակերպելու համար»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիւանագիտական ծառայութիւններու եւ ներկայացուցչութիւններու, իսկ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը համահայկական կառոյցներու միջոցով կը փորձեն կազմակերպել երեխաներու ընտրութեան եւ տեղափոխման հարցերը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հասարակական կազմակերպութիւններուն, շարժումներուն (Դատական փորձագէտներու եւ իրաւագէտներու միութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութեան, Սուրիահայերու աջակցման գրասենեակ, «Հայազն», «Հայրենադարձութեան եւ սուրիահայութեան աջակցութեան» խումբ եւ «Հայրենադարձ ընտանիքներուն աջակցութեան» ֆէյսպուքեան խումբ), որոնք կը փորձեն համախմբուիլ եւ սուրիահայութեան ցուցաբերել համապատասխան աջակցութիւն:

Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ գործող աշխատանքային խումբը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, կը համագործակցի խնդրոյ առարկայ հարցով մտահոգ բոլոր կառոյցներուն, շարժումներուն հետ:

Արդէն նախարարութիւն  դիմած են շարք մը գործարարներ, որոնք պատրաստ են աշխատատեղեր տրամադրել մեր հայրենակիցներուն:

Ողջունելի է նաեւ այն անհատներուն առաջարկները, որոնք պատրաստ են իրենց բնակարանները անհրաժեշտութեան պարագային ժամանակաւորապէս տրամադրել մեր հայրենակիցներուն:

Հանդիպման ժամանակ գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ, որ Սուրիոյ հայ համայնքը, անոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար կը գործեն, իսկ համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրներուն կը փորձեն տալ լուծումներ` համագործակցելով տեղւոյն դիւանագիտական կառոյցներուն  եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Խորհրդակցութեան սուրիահայ մասնակիցները շեշտեցին, որ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ սուրիահայութեան նկատմամբ կայ ջերմ վերաբերմունք եւ կարեւոր նկատեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը եւ յոյս յայտնեցին, որ որեւէ հարց ժամանակին ստանայ իր լուծումը պետական համապատասխան կառոյցներուն կողմէ:

Անոնք նաեւ առաջարկեցին, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը քննարկէ վկայականներու նոյնականացման հետ կապուած հարցեր:

Խորհրդակցութեան ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ, որ հիմնախնդիրներուն ճիշդ լուծում գտնելու նպատակով կազմակերպուած են քննարկումներ Հայաստանի մէջ գործող համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, մտաւորականներուն եւ գիտնականներուն հետ:

Հանդիպման մասնակից սուրիահայերը մասնաւորապէս խնդրեցին, որ լրատուամիջոցները զուսպ եւ զգուշ ըլլան սուրիահայութեան խնդիրները լուսաբանելու հարցին մէջ, որովհետեւ որեւէ անտեղի օգտագործուած խօսք կրնայ վտանգի տակ դնել սուրիահայ համայնքը եւ խոչընդոտել խնդիրներու լուծումը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement