Wednesday May 22, 2013

Լոնտոնի Մէջ Սարգսեան – Մետվետեւ Հանդիպում

By adminx - Wed Aug 01, 7:54 am

Մետվետեւ եւ Սարգսեան

Շաբաթ օր «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց տեղեկութիւն մը, որ Լոնտոնի մէջ ողիմպիական խաղերու բացման առիթով Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին կազմակերպած ընդունելութեան ժամանակ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը:

Դիւանագիտական խողովակներէն հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սարգսեան-Մետվետեւ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է ոչ միայն Սուրիոյ տագնապը, այլեւ ԵՒՐԱԶԷՍ-ի Հայաստանի անդամակցութեան խնդիրը:

Վերջին հարցին առնչութեամբ, Սերժ Սարգսեան յստակ որեւէ բան չէ ըսած` ակնարկելով, որ Հայաստան այսօր ունի տնտեսական ներդրումներու կարիք եւ անոնք ստանալէն ետք միայն առարկայական կերպով պիտի խօսի ԵՒՐԱԶԷՍ-ի մասին:

 

Leave a Reply

Advertisement