Thursday May 16, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Wed Aug 01, 7:34 am

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ելեկտրական հոսանքի անջատման առումով վարչապետը պատկան մարմիններուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած է` աւելցնելով, որ Լիբանանը մութի մատնելու մասին կատարուող յայտարարութիւնները չափազանցուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ պահանջեց կառավարութեան հրաժարականը: Պլոքը ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ձախողութիւնը աննախընթաց է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հերքեց իր դէմ ուղղուած այն ամբաստանութիւնները, թէ ինք Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հետ չի հաղորդակցիր: Ան հաստատեց, որ նախքան սարակներուն կողմէ մագլցողական քայլերու դիմելը, ինք չորս ընդարձակ հանդիպումներ ունեցած է անոնց հետ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ կը փափաքի գործադրել միայն այն լուծումը, որ իր պատկերացումն է եւ որ վնասակար է այլոց հաշուոյն: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Պըրրի ցուցմունքներ տուած էր այդ թղթածրարին չմիջամտել, սակայն այսուհետեւ որոշած է լուռ չմնալ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ նախարարութիւնը բաւական աշխատանք տարած է պետական պիւտճէի նախագիծը պատրաստելու աշխատանքին գծով: Ան յոյս յայտնեց, որ 2013-ի պետական պիւտճէի ծրագիրը կարելի ըլլայ օրինական ժամկէտէն առաջ ներկայացնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութենէն, հաղորդեց, որ Ռըմայլէի մէջ ձերբակալուած ահաբեկչական խմբակը, որ երեք անդամներէ կը բաղկանար, կը ծրագրէր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պատկանող ուղղաթիռ մը վար առնել` օգտագործելով հրթիռ մը, որուն տեսակը տակաւին ճշդուած չէ: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը աւելցուցած է նաեւ, որ նոյն խմբակին մօտ գտնուած են նաեւ մեծ թիւով իսրայէլեան արտադրութեամբ զէնքեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք բողոքած են ընտրական օրէնքը համամասնական դրութեան վրայ հիմնելու նախաձեռնութեան դէմ: Ան շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը համամասնական դրութեան վրայ հիմնելը մասնակի բարեկարգում կը նկատուի:

ՍԷՅԻՏ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ հրահրող բառամթերքին:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով պատրաստ պիտի ըլլայ ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կարիք ունին քաղաքական ծրագիրի մը, որ Լիբանանը հեռու կը պահէ շրջանային տագնապալի իրավիճակէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակին տօնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնն է միակ միջոցը ազգային հարցերուն լուծման:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց կառավարութեան արտակարգ դրութիւն յայտարարելու` հասնելու համար լիբանանցիներուն պահանջներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին զօրակցիլ եւ անոր նեցուկ կանգնիլ, որովհետեւ բանակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող միակ հաստատութիւնը:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ անկէ շատ աւելի մեծ պատասխանատուներ չեն կրնար խորհրդարանէն աւելի մեծ ըլլալ:

ՇԷՅԽ Պիլալ Տըքմաք շեշտեց բանակին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն բանակին հանդէպ քաղաքական հովանաւորութիւն ապահովել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Մուսթաքպալի պլոքը հարց չունի համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքին հետ, պայմանաւ որ անիկա արժանանայ քրիստոնեայ համայնքին համաձայնութեան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարներն են, որոնք մերժած են համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի մտավախութիւն յայտնեց, որ Սայտայի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները ներքին բախումներ պատճառեն եւ խլրտումներ ստեղծեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը իր հիմնադրութեան առիթով: Ան նշեց, որ բանակին գոյութիւնը լիբանանցիներուն համար ապահովութեան եւ մտահոգութիւններ փարատելու աղբիւր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը միակն է, որ երկրին պաշտպանութեան եւ Լիբանանը յարձակումներէ փրկելու իրաւունքը պէտք է ունենայ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement