Thursday May 16, 2013

Հալէպի Սալահէտտին Եւ Պապ Նէյրապ Թաղամասերուն Մէջ Բուռն Բախումներ

By adminx - Wed Aug 01, 7:28 am

Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթը արագացնելու ջանքերը համակարգելու նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան, սուրիական ընդդիմութիւնը երէկ Գահիրէի մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին կազմեց 15 անդամներէ բաղկացած Սուրիական յեղափոխութեան վարչական խորհուրդը, որուն պարտականութիւնն է Սուրիոյ փոխանցման կառավարութիւն մը կազմել: Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ Հայսամ Մալեհ, որ ընդունեց ըմբոստներուն հետ միասնաբար կազմել փոխանցման կառավարութիւնը: Խորհուրդը գրասենեակներ պիտի ունենայ Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ ու Իրաքի մէջ եւ վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիա պիտի փոխադրուի:

Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Էրտողան եւ Օպամա մտահոգութիւն յայտնած են քաղաքայիններուն դէմ կատարուած վայրագ յարձակումներուն համար, որոնց վերջինը` Հալէպի մէջ:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ տարածքի օդերեւութաբանական մանրամասն տեղեկութիւններ պատուիրած է, ուստի այսուհետեւ թրքական հրթիռա-հրետանային զօրքերը եւ օդուժը պիտի սկսին Սուրիոյ տարածքի եղանակի տեսութեան 36 ժամեայ մանրամասն նախատեսութեան:

Օրաթերթը կը նշէ, որ նախապէս նման եղանակային մանրամասն նախատեսութիւններ կը ստացուէին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի եւ հիւսիսային Իրաքի համար: Այժմ զինուորականները կ՛ուզեն տեղեկանալ Սուրիոյ եւ Իրաքի ամբողջ տարածքին վերաբերեալ:

«Հիւրրիյեթ» կը նշէ, որ քամիի արագութեան եւ ուղղութեան, օդի ջերմաստիճանի եւ խոնաւութեան եւ այլ օդերեւութաբանական ցուցանիշերու վերաբերեալ ստոյգ տուեալները շատ կարեւոր են հրետանային եւ հրթիռային հարուածներու ճշդութեան համար:

Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ իր երկիրը սուրիական վարչակարգի վերահսկողութենէն դուրս եղող շրջաններուն մէջ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ: Ան նշած է, որ «եթէ ներկայ կացութիւնը շարունակուի, Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծումը կրնայ լաւ ընտրանք մը ըլլալ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու ընտրանքը լրջօրէն կը սերտէ:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Խալետ Չաուիք երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի եւ անոր օգնական Ապպաս Արաքժիի հետ քննարկեց Սուրիոյ վերաբերող հարցեր:

Բրիտանիոյ վարչապետի օգնական Ճէյմս Տինսլօ «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ եթէ Սուրիա Լիբանանի նման տկար պետութեան վերածուի, ապա կրնայ այլ տագնապներու ճակատամարտի դաշտի վերածուիլ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով  Հալէպի մէջ ստեղծուած կացութեան առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց` կարգ մը լրատուամիջոցներ ամբաստանելով դէպքերու կանխահաս լրատուութիւն կատարելու համար:

Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «Հալէպի մէջ կացութիւնը իրապէս աղէտալի է եւ յստակ է, որ կարգ մը գրգռիչ լրատուամիջոցներ կը փորձեն բոլոր ձեւերով ընդդիմութեան ձախողութեան վնասուց հատուցում կատարել»:

Նշենք, որ երէկ Հալէպի Սալահէտտին եւ Պապ Նէյրապ թաղամասերուն մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

Leave a Reply

Advertisement