«Թուրքիա Պիտի Չարտօնէ, Որ Սուրիան Լիբանանի Վերածուի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
By adminx - Wed Aug 01, 7:26 am
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «շրջանը մեծ փոփոխութիւններու ականատես կը դառնայ: Կա՛մ նոր Միջին Արեւելք մը պէտք է ընդունիլ, կա՛մ ալ քաոսը ընդունիլ»` աւելցնելով, որ «այն փոփոխութիւնը, որուն ականատես կը դառնայ շրջանը, վերջին հարիւր տարուան մէջ ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնն է»:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Թուրքիա պիտի չարտօնէ, որ Սուրիա Լիբանանի վերածուի»` նշելով, որ «քաոսն ու Սուրիոյ ներկայ իշխանութեանց գոյատեւումը երկիրը նոր Լիբանանի մը պիտի վերածեն, ուստի եւ վերջ պիտի տան Սուրիոյ միութեան, անմասնատութեան եւ անկախութեան»:
Տաւութօղլու նաեւ յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները տեղեակ են Սուրիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու թիւէն եւ գտնուած վայրերէն: Ան վերջերս օգտագործուող «հիւսիսային Սուրիա» եզրը մերժեց: «Սուրիոյ մէջ չկայ շրջան մը, որ հիւսիսային Սուրիա կը կոչուի: Այդտեղ Թուրքիոյ հետ սահմանային մէկ գիծ կայ, որ Գամիշլիէն Լաթաքիա 900 քիլոմեթրի վրայ կ՛երկարի», նշեց ան:
Տաւութօղլու նշեց, որ սուրիական Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան կեցուածքներուն մէջ հակասութիւն գոյութիւն ունի: «Մինչ երէկ սուրիական վարչակարգին հետ կը գործակցէր, այսօր կը տեսնենք, որ կը փորձէ երկրին մէջ ստեղծուած բացէն օգտուիլ», ընդգծեց ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս յայտարարութիւնները կատարեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ այցելութեան եւ շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ իր հանդիպումին նախօրեակին:






Votch G’senk Tourkyo, Iravoonk Chooni Tratsi Yergirin Nerkin Kordzeroon Michamide Manavant
yerp ge Veraperi Sooryo Zhoghovoortin Gamke!!!