Ակնարկ. Մերսետեսն Ու Արձանը
By adminx - Tue Jul 31, 6:09 am
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print
ԹՈՐԳՈՄ
Ժիւտոյի մրցաշարքի ամէնէն յարգի ողիմպիական մետալը Ռուսիոյ հաւաքականին պարգեւեց այդ երկիրը ներկայացնող Արսէն Գալստեան: Մարզաձեւին ամէնէն թեթեւ ծանրութեան (60 քկ) դասակարգին մասնակցող հայազգի մարզիկը, ժիւտոյի մարզաձեւին մէջ Ռուսիոյ պատմութեան առաջին ողիմպիական ոսկի մետալը նուաճեց:
«Ես իմ մետալս կը նուիրեմ երկրիս, ընտանիքիս եւ ջրհեղեղէն վնասուած Քրիմսքիին», ըսաւ Արսէն Գալստեան պարգեւատրման արարողութենէն առաջ:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ բաւական զգացական արտայայտուեցաւ առաջին յաղթանակին կապակցութեամբ:
«Մենք առաջին ոսկին ունինք: Ժիւտօ: Արսէն Գալստեան: Ապրի՛ս», գրած է վարչապետը «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
Իսկ Կրասնոտարի (Արսէնի բնակավայրին) շինարարական ընկերութիւններէն մէկը «Մերսետես» մակնիշի ինքնաշարժ մը եւ ամբողջութեամբ կահաւորուած բնակարան մը նուիրեց ախոյեան մարզիկին:
Պատմութեան ընթացքին շատ բան կորսնցուցած հայորդիներուն համար անշուշտ ուրախալի է նուաճումը հայու մը, որ բարձր կը պահէ ուրիշ երկիրներու պատիւը, թէեւ պիտի ուզէինք, որ մեր տաղանդաւոր տղաքն ու աղջիկները բոլոր մարզերուն մէջ ներկայացնէին Հայաստանը եւ բարձր պահէին Հայաստան անունը` առանց գինովնալու օտարներու գովասանքներէն, փառքերէն եւ շօշափելի նուէրներէն:
Որովհետեւ, ի վերջոյ ի՞նչ մնացած է հռոմէական, բիւզանդական, օսմանեան կայսրութիւններուն ծառայած եւ փառք ու պատիւ վայելած հայազգի զօրավարներէն, ճարտասաններէն եւ այլ գործիչներէն: Անոնցմէ շատերուն ի պատիւ այդ օրերուն կանգնեցուած արձաններն իսկ չկան, մինչ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխիդ այսօր դէմդ կը ցցուին արձաններն ու յուշակոթողները այն նուիրեալներուն, վաստակաւորներուն, որոնք զրկուած ապրեցան, բայց բանով մը հարստացուցին Հայաստանը:
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print




