Միջադէպեր Ողիմպիականէն
By adminx - Tue Jul 31, 6:05 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
ԼՈՆՏՈՆԻ ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչներ կորսնցուցին բանալին Ուեմպլի խաղավայրին, ուր տեղի պիտի ունենար ֆութպոլի մրցաշարքի 9-րդ խաղը: Բանալին տրուած էր ոստիկանութեան…
Կ՛ենթադրուի, թէ բանալին պարզապէս կորսուած է աշխատողներէն մէկուն անփութութեան պատճառով, այլ ոչ թէ գողցուած է: Բանալիին կրկնօրինակին պատրաստման գինը չի հաղորդուիր, սակայն յայտնի է, որ ատիկա կրնայ արժել տասնեակ հազարաւոր տոլար:
ԱՍԻԿԱ անշուշտ առաջին խայտառակութիւնը չէ: Կիրակի ամբողջ աշխարհը կը քննարկէր բրիտանական ապահովական ուժերու… անապահով ըլլալը…
Արդարեւ, ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան հնդկական պատուիրակութիւնը «գլխաւորեց» կարմիր շապիկով անծանօթ կին մը` պատկերասփիւռային ուղղակի հաղորդումին հետեւող միլիոնաւոր հնդիկները ապշեցնելով:
Տողանցքի արարողութեան ատեն Հնդկաստանի մարզիկները դեղինով սպիտակ տարազներ կը կրէին, իսկ անծանօթ «առաջնորդը»` կարմիր շապիկ եւ ճինզ տաբատ:
Պարզուեցաւ, որ ան քանի մը տարի առաջ Հնդկաստանէն Լոնտոն հաստատուած ուսանողուհի մըն է եւ մարզական պատուիրակութեան աննկատ միացած է մարզադաշտ մտնելու պահուն: Մարզիկները կարծած են, թէ կինը տողանցքի կազմակերպիչներէն է: Չի բաւեր, որ ան քալած է առջեւէն ընթացող դրօշակակիրին քովէն, ան նոյնիսկ ձեռքի շարժումով եւ ժպիտով ողջունած է հանդիսատեսները:
Աւելի՛ն: Պատկերասփիւռային ուղղակի հաղորդումին ընթացքին հնդկական պատուիրակութիւնը ցուցադրած են միայն 10 երկվայրկեան եւ, այո՛, ճիշդ գուշակեցիք, քամերաները, տեսախցիկները կեդրոնացած էին միայն… կարմիր շապիկաւոր «առաջնորդին» վրայ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անյարմար կացութեան մատնուեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր կը հետեւի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող թուրք մարզիկներուն մրցումներուն:
Էրտողան երբ շնորհաւորեց Թուրքիոյ վոլիպոլի կիներու ողիմպիական հաւաքականը Անկոլայի դէմ տարած յաղթանակէն ետք եւ ապա փորձեց դուրս գալ զրուցելու համար լրագրողներուն հետ, վարչապետին ճամբան փակեցին մարզասրահի անվտանգութեան աշխատակիցները: Էրտողանի թիկնապահները անմիջապէս միջամտեցին եւ սկսաւ քաշքշուք մը եւ… հայհոյանքներ: Թուրքիոյ վարչապետը բրիտանացիները անուանեց անկիրթներ…
ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ այլ միջադէպ մըն է այն ծեծկռտուքը, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Հիթրօ օդակայանին մէջ, Պահրէյնի արքայազն, թագաւորին մէկ ազգականին (անունը չհրապարակուեցաւ) եւ բրիտանական օդանաւային ընկերութեան օդաչուին միջեւ: Ծեծկռտուքը տեղի ունեցաւ օդանաւին մէջ, երբ բաւական գինովցած արքայազնը, սպասարկութենէն դժգոհ, պոռալ-կանչելով փորձեց մուտք գործել օդաչուներու խուցը… մնացեալը կրնաք պատկերացնել, թէ ինչեր կրնան պատահած ըլլալ. անտիպ յիշոցներ, ապահովական ուժեր, ոստիկանատուն, արձանագրութիւն եւ երաշխաւորագինով ազատ արձակում, վերադարձ օդանաւ եւ… բարի ճանապարհ… երթա՛ս բարով, չդառնաս տարիներով:
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print



