Խմբագրական. Սուրիոյ Իրադարձութիւնները Եւ Հայկական Լրատուադաշտը
By adminx - Tue Jul 31, 7:57 am
- 0 Comments
- 377 views
- Tweet
Email
Print
Վերջին ամիսներուն աննախադէպ առատութեամբ յօդուած, մեկնաբանութիւն, կանխատեսական վերլուծումներ եւ թելադրական կոչեր կը գրուին ու կը հնչեն սուրիահայութեան մասին: Մինչեւ Սուրիոյ վերջին դէպքերը, սուրիահայութիւնը համահայկական ուշադրութեան լուսարձակներէ հեռու կը գտնուէր, որոշ առումներով հասկնալի, այսուհանդերձ ոչ արդարացուած պատճառներով: Չմոռնանք, որ սուրիահայութիւնը մեր դասական, ամենահին գաղութներէն եւ սփիւռքահայ կեանքի մարդուժի հայթայթման կարեւոր շտեմարանի փորձ ամբարած ու նկատառելի արտադրողականութիւն նուաճած շատ կարեւոր միջավայր է:
Լրատուական լուսարձակներու մոտայիկ կեդրոնացումը, մրցակցային կշռոյթով ստուգուած ու չստուգուած լուրերը շրջանառութեան մէջ դնելու հեւքը այսօր ստեղծած են խայտաբղէտ իրավիճակ մը, ուր լրագրական շուկան պահանջ-սպառողի կանոններու հիմամբ հեղեղած է լրատուադաշտը: Այստեղ, որոշ լրատուութիւններու պարագային կան պատուէրային շարժառիթներ ի հարկէ, այլոց համար ընդհանուր մրցավազքէն ետ չմնալու մղումներ, իսկ սակաւաթիւերու համար ալ` սուրիահայութեան ձեռք երկարելու գիտակցական ինքնաթելադրանքներէ ներշնչուած քայլեր:
Այս թոհուբոհին մէջ ականատես կ՛ըլլանք յաճախ արեւմտեան քարոզչութեան ուղղակի հայացման, նման լրատուութիւններու բառացի կրկնօրինակացումին եւ բնականաբար անկէ ազդուած մեկնաբանութիւններուն: Արդիւնքը` խուճապային մթնոլորտի տարածումն է, «ժողովրդավարացման» քաղաքականութեան տարածումի քարոզչութեան ալիքներուն տակ իյնալը եւ ապալուսաբանելը:
Որոշ լրատուամիջոցներ սուրիահայութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նախանձախնդրութեան չեն կրցած սահման դնել: Յօդուածագիրներ կ՛առաջարկեն ամբողջ սուրիահայութիւնը տեղափոխել Ջաւախք, այնտեղ յատուկ աւան կառուցել` միաժամանակ լուծելով թէ՛ սուրիահայութեան խնդիրը եւ թէ՛ Ջաւախքի հայաթափումի հարցը: Ուրիշներ գաղափարախօսական հիմք փորձած են տալ օրախնդիրին` հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը արեւմտահայերու շառաւիղ է, առ այդ` պէտք է վերադառանայ Արեւմտահայաստան (մոռցած են Կիլիկիան):
Մինչ, ֆէյսպուքահայութիւնը իբրեւ այլընտրանքային լրատուադաշտի օգտատէրերու նկատառելի համրանք կը քննարկէ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն ապաստան տալու անյետաձգելի գործը: Կարելի չէ անշուշտ բացառել հայրենակիցներու օգնութեան փութալու միաժամանակ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ մարդասիրական պատրաստակամութեան փաստը: Խնդիրը սակայն ունի քաղաքական երանգներ: Ուղերձը այս երեւոյթին նաեւ այն է, որ ի բացակայութիւն պետական կառոյցներու ձեռնարկելիք գործին, քաղաքացիական հասարակութիւնն է, որ կ՛ուզէ կազմակերպել ճգնաժամի մէջ յայտնուած մարդոց օգնութեան փութալու աշխատանքը: Այս շարժումը նախաձեռնողները կը յայտարարէին, որ մինչ այժմ սուրիահայ մէկ ընտանիքի օգտակար դարձած էին` Երեւանի մէջ ճարելով աժան վարձքով բնակարան:
Խնդիրը անշուշտ զերծ չէ նաեւ ներհայաստանեան քաղաքական շահարկումներէն: Իշխանութիւնները որեւէ ձեւով պատրաստ չեն ընդունելու հայրենադարձութեան մասին մտածող սուրիահայերը. հայրենիքէն արտագաղթածներու դիմաց, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ հայրենադարձութիւն կազմակերպելը: Եւ այսպէս մինչեւ… «Միջին Արեւելքի մէջ ռուսական վերջին կայանի կորուստէն ետք կարգը կովկասեան ռուսական կայանին` Հայաստանի Հանրապետութեանն է» պիտի ուզէր տեսնել քաղաքական կանխատեսող մը:
Սուրիահայութիւնը համասփիւռքեան առումով հայկական արժէհամակարգի պահպանման մեծ դերակատարութիւն ունեցած կուռ, կազմակերպ համայնք է, որ ունի խոր արմատներ: Զայն քաղաքական շահարկումներու ենթարկելը` փոքր եւ կարճաժամկէտ առաւելներ ապահովելու համար նուազագոյն ըսելաձեւով լրատուական առարկայականութեան հետ աղերս չունեցող երեւոյթ է:
Բայց հարցը անշուշտ միայն լրագրական արհեստավարժութեան հետ կապ չունի: Չմոռնանք ստեղծուած տագնապին եւ պատերազմական իրավիճակին հետ թրքական շահագրգռուածութեան չափը եւ Թուրքիոյ առաջադրած «անվտանգութեան գօտի»-ին անմիջականութիւնը: Հայկական իւրաքանչիւր լրատուամիջոցի կողմէ նման հաշուարկ չկատարելու փաստը լրագրական աշխատանքէ ակնկալուած օրինաչափութիւններու չի վերաբերիր միայն:
Սուրիահայութեան տագնապը երկրի իրավիճակին հետ կրնայ երկար տեւել: Հայկական լրատուադաշտը զգօնութեան, սթափութեան, արհեստավարժութեան եւ թշնամիին քայլերը հաշուարկելու հրամայականին առջեւ է: Հեռու` խուճապայնութենէ, շահարկումներէ եւ ազդեցութեան ալիքներուն յանձնուելու փորձութիւններէ:
- 0 Comments
- 377 views
- Tweet
Email
Print



