Մարաթուկի Ուխտագնացութիւնը Տեղի Ունեցաւ Հակառակ Բոլոր Խոչընդոտներուն
By adminx - Tue Jul 31, 7:50 am
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print
Մարաթուկ լերան ուխտաւորները չխախտեցին աւանդոյթը եւ այս տարի նոյնպէս 28 յունիսին յաղթահարեցին Մարութայ սարի 2973 մեթր բարձրութիւնը: Ուխտագնացութեան մասնակցեցան հայաստանցիներ, սփիւռքէն եւ Թուրքիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած հայեր: Թրքական մամուլին մէջ նախապէս տարածուած էր տեղեկութիւն մը, որ Սասունի քաղաքապետը եւ գաւառապետը արգիլած են իրականացնել ուխտը` պնդելով, որ ատիկա կը համընկնի մահմետականներու ամէնէն յայտնի ամսուան` Ռամատանին հետ:
Սասունի քաղաքապետարանը նշած էր, որ տօնը կը տեղափոխուի սեպտեմբերին` հաշուի չառնելով, որ յստակ օր ունեցող տօները չեն տեղափոխուիր` այն ալ քանի մը ամիս:
Հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն` Սասուն ժամանած ուխտաւորները յատուկ փոխադրամիջոցներով բարձրացան սարի լանջը, ուր միասին երգ ու երաժշտութեամբ շարունակեցին տօնական երեկոն: Ուխտագնացութեան կը մասնակցէր «Մարաթուկ» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթը: Խումբին գրեթէ 30 տարուան երազանքն էր մասնակցիլ Մարութայ սարի ուխտին:
Նշենք, որ այս ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ԶՈՄ-ականներու եւ ԼԵՄ-ականներու խումբ մը:
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print



