Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Պաշտօնապէս Բռնագրաւուած Յայտարարուեցաւ
By adminx - Tue Jul 31, 7:48 am
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քոռնիշ Նահըրի վրայ գտնուող Ելեկտրականութեան ընկերութեան առջեւ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները հաւաքուեցան ընկերութեան դրան առջեւ, սակայն չկրցան ներս մտնել, որովհետեւ
Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները շղթաներով փակեցին ընկերութեան դռները եւ անիւներ հրկիզեցին ընկերութեան շրջափակին մէջ` արգիլելով անոնց մուտքը:
Պէտք է աելցնել նաեւ, որ սարակները ոչ միայն պաշտօնեաներուն, այլեւ` Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութեան մուտքը արգիլեցին:
Սարակները հաստատեցին, որ եթէ իրենց աշխատավարձերը չստանան, ապա անկարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ իրենց գործադուլին:
Սարակներուն կողմէ այս քայլը առաջին անգամ ըլլալով առնուեցաւ եւ նստացոյցը վերածուեցաւ յեղաշրջումի:
Սարակներուն միացաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, որ յայտնեց, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հետ բանակցութիւններուն կարելի պիտի չըլլայ սկսիլ, մինչեւ անոնց աշխատավարձերուն վճարուիլը:
Սարակները պահանջեցին նաեւ, որ Ելեկտրականութեան ընկերութենէն դուրս բերուած ստացագիրները չգանձուին քաղաքացիներէն: Անոնք նկատել տուին, որ այն ստացագիրները, որոնք դուրս բերուած են, կը կրեն պակաս ստորագրութիւններ, եւ եթէ երբեք քաղաքացիները վճարեն այդ ստացագիրներուն դիմաց, ապա անոնք կեղծուած ստացագիրներ վճարած պիտի ըլլան եւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը անոնցմէ պիտի պահանջէ երկրորդ անգամուան համար վճարել:
Զուքի Մէջ
Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ տնօրէնութիւնը փոխադրուած է Զուքի Ելեկտրականութեան ընկերութիւն` նշելով, որ Քոռնիշ Նահըրի ընկերութիւնը պաշտօնապէս բռնագրաւուած է:
Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ ժամերը լաւ պիտի չըլլան Լիբանանի համար եւ բոլոր շրջանները մութի մէջ պիտի մնան` Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն որդեգրած քայլերուն պատճառով:
Միւս կողմէ, սարակները մերժեցին այդ ամբաստանութիւնը` ընդգծելով, որ այդ միջոցը տնօրէնութեան կողմէ որդեգրուած է` իրենց վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով:
Սարակները հաստատեցին, որ իրենք ոչ մէկ ձեւով արգիլած են տարբեր շրջաններուն ելեկտրական հոսանք հայթայթելու աշխատանքը:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցով միջնորդներու հետ բանակցութիւններ կատարելու քայլերէն հեռացած է եւ իր քաղաքական խորհրդական, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի յանձնած է այդ պարտականութիւնը:
Պըրրի խոստացաւ նաեւ սարակներուն եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը օրէնքի վերածել:
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print




