Կառավարութիւնը Այսօր Կը Շարունակէ Երէկուան Իր Նիստը
By adminx - Tue Jul 31, 7:45 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Կառավարութիւնը իր գումարած նիստին ընթացքին քննարկեց մէկ կէտէ բաղկացած օրակարգ մը, որն է ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ մշակուած ընտրական յատուկ օրինագիծը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ընտրաշրջաններու բաժանումն ու արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան առիթ տալու կարելիութիւնները:
Քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ Շարպել առաջարկած է Լիբանանը ընտրաշրջաններու բաժնելու չորս տարբերակներ, որոնք են` 14, 13, 12 կամ 10 ընտրաշրջաններ: Այս չորս տարբերակները նախարարներուն գոհունակութեան չարժանացան:
Նիստին ընթացքին նախարարները ուղղուեցան կատարելու իւրաքանչիւր նստաշրջանի չափին գնահատականը. անոնք անդրադարձան նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկելու կարելիութիւններուն` նշելով, որ անոնք պէտք է իրաւունք ունենան ընտրելու լիբանանեան խորհրդարանը բաղկացնող 128 երեսփոխանները:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները մերժեցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որուն վերջնական վաւերացումը պիտի կատարէ Լիբանանի խորհրդարանը:
Հանրապետութեան նախագահը նիստին սկիզբը կոչ ուղղեց կառավարութեան լուծելու երկրին դիմագրաւած հիմնական հարցերը, ինչպէս` ընտրական օրէնքի մշակումը, պետական աշխատանքի ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պէտք է 2013-ի պետական պիւտճէի ծրագիրին լրջօրէն պատրաստուիլ` դրուատելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ջանքերն ու յաջողութիւնները` ահաբեկչական ցանցեր բացայայտելու իմաստով:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին շեշտած է, որ թէեւ երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու ժամկէտը մէկ տարիէն աւելի նուազ է, սակայն աւելի լաւ է այդ օրէնքը ուշ մշակուի, քան երբեք:
Ապահովական Նիստ
Նշենք, որ առաւօտեան նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական-դատական բնոյթ ունեցող նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հեռաձայնային հաղորդակցութեանց վերաբերող տեղեկութիւնները յանձնելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց այդ իմաստով պատկան մարմիններուն կողմէ կատարուած աշխատանքներուն գծով:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Ճիան Փաուլօ տի Փաուլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը` տարբեր մարզերուն վերաբերող:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` միջազգային առումով Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելուն համար:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա, որ նախագահին այցելեց իր հանգստեան կոչուելուն առիթով: Նախագահ Սլէյման Միրզան պարգեւատրեց Մայրիներու բարձրագոյն սպայի աստիճանով:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



