«Ասիրի Բաց Նստացոյցը Կը Վայելէ Մուսթաքպալի Եւ Ժամաա Իսլամիէի Քաղաքական Հովանաւորութիւնը» Կը Հաստատէ Ուսամա Սաատ
By adminx - Tue Jul 31, 7:44 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Սայտայի մէջ յայտարարուած բաց գործադուլը ջնջելու որոշումը, որ տրուած էր Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ժամաա Իսլամիէին կողմէ, պատճառ դարձաւ, որ
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կողմէ յայտարարուած նստացոյցը աւելի եւս զօրանայ եւ զօրակցութիւն ու հովանաւորութիւն ստանայ:
Այս առիթով Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ Սայտայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք շատ զգուշ էին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի կատարած այցելութեան առումով եւ կը փորձէին յարմար ու ճշգրիտ լուծում մը բերել Սայտայի դիմագրաւած բաց նստացոյցի հարցին:
Սաատ շեշտեց, որ արաբական երկիրներ պետական հեղինակութիւններուն հետ կապ հաստատած են եւ անոնցմէ պահանջած` պաշտպանել շէյխ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցը, ինչպէս նաեւ ճնշել այն գործադուլը, որուն նպատակն էր վերջ տալ Դիմադրութեան ապազինումը պահանջող նստացոյցի մը:
«Սայտայի մէջ կան դաշնակից քաղաքական ուժեր, որոնք Մուսթաքպալ հոսանքն ու Ժամաա Իսլամիէն են. անոնք համաձայն են Ասիրի տեսակէտին, որ կը վերաբերի Դիմադրութեան զէնքին: Անոնք կը զօրակցին Ասիրի կարգախօսերուն եւ այդ պատճառով ալ անոր բաց նստացոյցին քաղաքական հովանաւորութիւն կ՛ապահովեն», ըսաւ Սաատ:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութեան մէջ նաեւ կան այնպիսի հեղինակութիւններ, որոնք կը զօրակցին շէյխ Ասիրի, «հետեւաբար` մենք կը գտնուինք այնպիսի հարցի մը առջեւ, որ ունի խոր արմատներ: Թէեւ զգուշ էինք Մուսթաքպալի հետ մեր վարուելակերպին մէջ, սակայն մենք խաբէութեան ենթարկուեցանք», շեշտեց Սաատ:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ շէյխ Ասիրի հետ իր հանդիպումը կ՛ամբողջացնէ Ասիրի հետ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի ունեցած հանդիպումները: Ան աւելցուց, որ ինք պիտի փորձէ շէյխ Ասիրի յայտարարած նստացոյցին հարցը խաղաղ կերպով լուծել:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Ասիր Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիէն օժանդակութիւն խնդրած է հանրապետութեան նախագահին հետ ժամադրութիւն մը ճշդելու առումով:
Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Սայտայի մէջ տիրող կացութիւնը անապահով է` աւելցնելով, որ ընդհանուր իրավիճակը դրական մթնոլորտ չի յուշեր:
Պըզրի ընդգծեց, որ Սայտայի ընդհանուր գործադուլը 48 ժամով յետաձգելու ժամկէտը վերացական ժամկէտ է` շեշտելով, որ իրենք ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի նկատմամբ վստահութիւն չունին:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



