Thursday May 23, 2013

Բանակի Հիմնադրութեան 67-ամեակին Առիթով Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը

By adminx - Tue Jul 31, 7:41 am

Զօր Ժան Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 67-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի բանակին փոխանցեց «Օրուան հրահանգը», որուն մէջ շեշտեց, որ բանակը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի որեւէ շրջանի մէջ պետութեան հակակշիռէն դուրս գտնուող անջատման գօտի ստեղծուի:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական իրադարձութիւնները որքան ալ վատթարանան, լիբանանեան բանակը իր ազգային պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնէ եւ առիթ պիտի չտայ, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը խաթարուի: Ան հաստատեց, որ բանակը պիտի պաշտպանէ երկրին սահմանները եւ սահմանամերձ շրջաններուն բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ սադրանքներուն Լիբանան ներթափանցումը:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանը վերածուի կռուախնձորի` այս կամ այն քաղաքական ուժերուն կամ շրջանային ախորժակներուն համար:

Ան նշեց, որ բանակը գետնի վրայ պիտի գործադրէ ծրագիր մը, որուն հիման վրայ լաւապէս պիտի պահպանէ երկրին կայունութիւնը:

Զօր. Քահուաժի նաեւ ըսաւ, որ բանակը եւ ժողովուրդը իրարու դէմ լարող փորձերը պիտի չյաջողին եւ պղտոր ջուրերու մէջ որսացողները պիտի ձախողին:

Ան եզրափակեց, որ Իսրայէլի դէմ պայքարը պիտի շարունակուի` ձախողեցնելու համար անոր ոճրային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ազատագրելու համար բռնագրաւուած լիբանանեան բոլոր հողերը: «Բանակը իր ամբողջ կարողականութեամբ պիտի ընդդիմանայ թշնամի Իսրայէլին եւ պիտի շարունակէ գործակցիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ», ըսաւ ան:

 

Leave a Reply

Advertisement