Saturday May 25, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Tue Jul 31, 7:39 am

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ուժերը երէկ արգիլեցին լիբանանեան սահմանէն Թալքալախ ուղղուող ահաբեկչական խմբակի մը ներթափանցումը:

ԱՔՔԱՐԻ բնակիչները երէկ փակեցին Ապտէի հրապարակը` բողոքելու համար ելեկտրական հոսանքի անջատման դէմ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ եթէ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւններուն յանձնումը ամբողջական է, ապա անիկա կարեւոր եւ դրական քայլ մըն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ եթէ այդ առիթը յանկարծ ներկայանայ, ապա ինք պատճառ չունի մերժելու զայն, որովհետեւ անիկա իբրեւ մարոնի համայնքի զաւակ իր իրաւունքն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան յայտնեց, որ Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը մնայուն կերպով հաստատած է, որ ինք կը զօրակցի բանակին եւ կառչած կը մնայ անոր առաքելութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ երեսփոխան Մույին Մերեհպի լիբանանեան բանակին նկատմամբ Մուսթաքպալ պլոքին կեցուածքը չի ներկայացներ: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը զօրակցի բանակին եւ կը վստահի անոր դերակատարութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները պէտք չէ իրենց ուղղակի հակազդեցութիւնը ունենան իրենց եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքը ազգային լուրջ հարց է, որ պէտք է լուծուի Ազգային երկխօսութեան նիստին շրջագիծին մէջ:

ԱՔՔԱՐԻ ժողովրդային համախմբումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ Աքքար Լիբանանի ազգային միասնականութեան ամրոցն է` աւելցնելով, որ Աքքար հզօր է իր զաւակներուն միջեւ տիրող միասնականութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ հարցի մասին բացուած հետաքննութիւն կը հասնի ամբողջական ճշմարտութեան:

«Կարծէք ճշմարտութեան բացայայտումը Լիբանանի մէջ արգիլուած է», աւելցուց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ մնայուն կերպով իրեն յղուած Լիբանան վերադարձի անուղղակի հրաւէրները կը նմանին նահատակ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի յղուած հրաւէրներուն: Ան շեշտեց, որ ինք ապահովական պատճառներով երկրէն դուրս կը գտնուի:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տիրող կացութենէն չէզոք մնալու Լիբանանի կեցուածքը զաւեշտ է` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է դիմադրէ շրջանին մէջ որդեգրուած ամերիկեան ծրագիրին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի սահմանադրական իրաւունքն է հրաժարիլ` աւելցնելով, որ Հըզպալլան է, որ կ՛արգիլէ կառավարութեան հրաժարումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է անմիջապէս հրաժարի` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին աւելի լայն իրաւասութիւններ պէտք է ընծայել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Լոնտոն այցելութիւնը կեդրոնացաւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հաւանական ազդեցութեան վրայ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրները գոհունակ են` հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւններուն հարցով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջամտութեան համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու կարիք չկայ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքի մշակման Պքերքէի յանձնախումբը մշակած է ընտրական զոյգ օրէնքներ, որոնցմէ առաջինը հիմնուած է փոքր ընտրաշրջաններու վրայ եւ որուն հիմամբ ամբողջ Լիբանանը կը բաժնուի 50 ընտրաշրջաններու, իսկ երկրորդը հիմնուած է միջակ ընտրաշրջաններու վրայ եւ որուն հիմամբ ամբողջ Լիբանանը կը բաժնուի 15 ընտրաշրջաններու: Զոյգ օրէնքները կը բարելաւեն խորհրդարանին մէջ քրիստոնէական ներկայացուցչութիւնը, որովհետեւ կարելիութիւն կը ստեղծեն 51-56 երեսփոխան ուղղակի քրիստոնեայ համայնքին քուէներով ընտրելու:

 

 

Leave a Reply

Advertisement