«Քաթար, Սէուտական Արաբիա Եւ Շրջանի Այլ Երկիրներ Սուրիական Ընդդիմութիւնը Կը Զինեն» Ըսաւ Ֆապիւս
By adminx - Tue Jul 31, 7:32 am
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ֆրանսա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պիտի պահանջէ Սուրիոյ շուրջ նիստ մը գումարել: Նշենք, որ Ֆրանսա 1 օգոստոսին կը ստանձնէ Ապահովական խորհուրդի նախագահութիւնը:
Ան նշեց, որ ինք անձամբ պիտի նախագահէ այդ նիստին, որուն հրաւէրը անմիջական կերպով պիտի հրապարակուի` Սուրիոյ մէջ իր խօսքով «դահիճ» նախագահ Պաշշար Ասատի ջարդերը կասեցնելու համար:
Արաբական լիկայէն աղբիւրներ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ լիկայի բանաձեւը, որ Դամասկոսի դէմ պատժամիջոցներու հաստատում կը բովանդակէ, այսօր ՄԱԿ-ի անդամ պետութեանց պիտի բաժնուի:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ բոլոր սուրիացիներուն ղեկավարութեամբ ժողովրդավարական փոխանցման, բազմակարծական վարչակարգի հաստատման, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ երկխօսութեան:
Գետնի վրայ սուրիական բանակը Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ յաւելեալ յառաջխաղացք արձանագրեց: Ըստ «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին, Հալէպի Սուքարի թաղամասին 80 առ հարիւրը անցած է սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ: Մինչ այդ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը կոչ ուղղեց Հալէպի մէջ մարդասիրական միջամտութեան, որովհետեւ քաղաքը մարդկային աղէտ մը կը դիմագրաւէ:
Միւս կողմէ, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Յորդանան Սուրիոյ մէջ իր դեսպանը տուն կանչելու նպատակ չունի:
Սէուտական արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը սէուտական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապտել Ազիզ պըն Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ իշխանը վերջերս գաղտնաբար Թուրքիա չէ այցելած` նշելով, որ անոր վերջին այցելութիւնը մէկ ամիս առաջ էր, երբ Պոլսոյ մէջ տարբեր քաղաքակրթութեանց դաշնակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին սէուտական պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր:
Ինչ կը վերաբերի այն տեղեկութեանց, թէ Սէուտական Արաբիա Թուրքիոյ մէջ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ զօրակայան մը կը հաստատէ սուրիացի ըմբոստներուն օժանդակելու համար, աղբիւրը նշեց, որ այս առումով Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը ծանօթ եւ հրապարակաւ յայտարարուած է: Սէուտական Արաբիա սուրիացի ժողովուրդին նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ սուրիացի ժողովուրդը առնուազն օժտելու ինքնապաշտպանութեան կարելիութեամբ:
Սուրիական ազատ բանակի ներքին թեւը փոխանցման հանգրուանին համար առաջարկեց ազգային փրկութեան ծրագիր մը, ըստ որուն պիտի կազմուի Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդ մը, որ պիտի ստանձնէ հիմնադրումը զինուորական եւ քաղաքային վեց անձնաւորութենէ կազմուած նախագահական խորհուրդի մը, որ Ասատի տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը պիտի ղեկավարէ:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը կը շարունակէ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ իր ուժերը ամրապնդել: Թրքական բանակը Այնթապի մէջ իր զօրակայանէն հրասայլեր, զրահապատ մեքենաներ, հրթիռային համակարգեր, զինամթերք եւ զինուորներ ուղարկած է Քիլիսի նահանգ` սուրիական Աֆրին քաղաքին մօտ, որ ըստ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներու, ՔԱԿ-ի հետ կապ ունեցող Սուրիական ժողովրդավարական միութիւն քրտական կուսակցութեան մարտիկներուն վերահսկողութեան տակ կը գտնուի:
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print




