Saturday May 25, 2013

Սուրիոյ Հետ Սահմանային Անցքի Վերահսկողութեան Հարցը Էրպիլի Եւ Պաղտատի Միջեւ Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ

By adminx - Tue Jul 31, 7:31 am

Փեշմերկաներ` սուրիական սահմանին մօտ

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի փեշմերկաները  արգելք հանդիսացան Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններուն հետ սահմանային անցքին` Թել Աֆարի եւ Սինճարի հսկելու համար ուղարկուած իրաքեան բանակէն միաւորի մը այդ շրջանը մտնելու, որուն իբրեւ պատասխան Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի գրասենեակը այդ արարքը դատապարտող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի կառավարութեան մէջ փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ժապար Եարօ իր կարգին պատասխան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` յոյս յայտնելով, որ Մալիքիի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը իր ցուցմունքի կամ մտածելակերպի արդիւնքը չէ, «մասնաւորաբար ներկայիս մեր ապրած զգայուն հանգրուանին, եւ վստահ ենք, որ Մալիքի զսպեց անոնք, որոնք գրգռիչ արարքներ կը կատարեն եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան ծածկոյթին տակ պահուըտելով տագնապները կը խորացնեն»:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «փեշմերկաներու հարցով նախարարութիւնը պիտի չձեռնարկէ որեւէ արարքի, որ ներկայ տագնապը կը խորացնէ»` ամբաստանելով իրաքեան բանակը դէպի իր գործունէութեան սահմաններէն դուրս եղող վայրեր ուղղուիլ հրամայող ուժերը իրաքեան կառավարութեան եւ Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութեան միջեւ տագնապը խորացնելու յանցանքով:

Հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ փեշմերկաներու հարցով նախարարութիւնը կառչած կը մնայ Իրաքի դաշնակցային սահմանադրութեան` նշելով, որ իրաքեան բանակի եւ փեշմերկա ուժերու միացեալ յանձնախումբը երկու տարիէ ի վեր կը գործէ առանց որեւէ հարցի ստեղծման, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի վիճելի շրջաններու ապահովական հարցերու կարգաւորման:

Փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ժապար Եարօ նախապէս յայտնած էր, որ «իրաքեան ուժերու գալը նախապէս չէր համաձայնուած եւ աւելորդ ուժի ալ կարիք չունինք, որովհետեւ շրջանը կայուն է եւ քրտաբնակ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ հոն հարցեր չկան»:

Ուշագրաւ այս զարգացումը տեղի կ՛ունենայ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Սուրիոյ քիւրտերը իրենց 12 կուսակցութիւններէն կազմուած բարձրագոյն մարմին մը ստեղծած են Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովուրդի խորհուրդ անունով եւ Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի հովանաւորութեամբ այս տարուան 11 յուլիսին գոյացած համաձայնութեան միջոցով:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի քիւրտ նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա Էրպիլ այցելեց` Սուրիոյ քիւրտերու ղեկավարներուն հետ հանդիպում ունենալով զանոնք Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին մաս կազմելու համոզելու համար: Ան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Պարզանիի հետ:

 

Leave a Reply

Advertisement