Tuesday May 21, 2013

Միացեալ Նահանգներ Իրանի Դէմ Յարձակումի Դիպաշարը Իսրայէլի՞ Փոխանցած Են

By adminx - Tue Jul 31, 7:29 am

Թոմաս Տոնիլըն

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին փոխանցած են Իրանի հիւլէական կեդրոններուն դէմ հաւանական յարձակումին դիպաշարը, որ պիտի գործադրուի դիւանագիտական ճամբով Թեհրանի հիւլէական ծրագիրը դադրեցնելու փորձի ձախողութեան պարագային:

Ըստ օրաթերթին, ատիկա տեղի ունեցած է երկու շաբաթ առաջ: Vesti.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Փենթակոնի մշակած ծրագիրը Թել Աւիւին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ապահովական հարցերով խորհրդական Թոմաս Տոնիլըն, որ նախքան արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Իսրայէլ այցելելը, գաղտնի այցելութեամբ Երուսաղէմ մեկնած էր:

Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Տոնիլընը հրաւիրած է ընթրիքի մը, որ երեք ժամ տեւած է:

News.ru կը հաղորդէ, որ Տոնիլըն Նեթանիահուին նկարագրած է Փենթակոնի եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու աշխատանքը Իրանի դէմ յարձակումին նախապատրաստման ծիրին մէջ, սակայն ընդգծած է, որ ըստ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան տուեալներուն, խնդիրը զինուոարական ճամբով լուծելու ժամանակը տակաւին չէ եկած:

Կը նախատեսուի, որ Փենթակոնի ղեկավար Լէոն Փանեթա մօտ օրէն Թել Աւիւ այցելէ: Ներկայիս Երուսաղէմ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի, որ արդէն յայտարարած է Իրանի դէմ յարձակումի պարագային Իսրայէլին աջակցելու իր մտադրութեան մասին:

Նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլի հետ պաշտպանական համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ օրէնք ստորագրած էր: Այդ օրէնքի ծիրին մէջ իսրայէլեան բանակը կրնայ օդանաւեր եւ գերհզօր ռումբեր ստանալ:

 

Leave a Reply

Advertisement