Wednesday May 22, 2013

Կարօ Ղազարեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

By adminx - Tue Jul 31, 7:18 am

Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ լոսանճելըսաբնակ Կարօ Ղազարեան երէկ կէսօրին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Ղազարեան ներկայացուց միութեան հիմնական աշխատանքները, Հայաստանի գործակիցներուն հետ ստեղծուած կապերը եւ Հայ դատի հետ առնչուած իրաւական հարցերը: Ան նաեւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն:

Կարօ Ղազարեան «Ազդակ»-ին եւ «Վանայ ձայն»-ին տուած միացեալ հարցազրոյցին ընթացքին մանրամասնօրէն խօսեցաւ այս հարցերուն մասին:

 

Leave a Reply

Advertisement