Wednesday Jun 19, 2013

Համազգայինի Ուսանողական18-րդ Հաւաքը (Ֆորում) Աւարտեց Իր Աշխատանքները

By adminx - Tue Jul 31, 7:16 am

Ուրբաթ, 27 յուլիս 2012-ին աւարտեցաւ Համազգայինի ուսանողական 18-րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր համալսարանականները մօտէն ծանօթացան հայրենիքի կեանքին: Անոնք այցելեցին թանգարաններ, Մատենադարան, Էջմիածին, Երեւանի պետական եւ Երեւանի Ամերիկեան համալսարաններ, Հայկական զինեալ ուժերու զօրամաս, Սուրբ Տիրամայրի Հայաստանի ճամբար, տեսան հայկական մշակութային կոթողները, յուշարձանները, եւայլն…:

Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին համախմբումի կրթական ծրագիրին. անոնք էին` Կարօ Յովհաննէսեան, Հայկ Դեմոյեան, Թովմաս Պօղոսեան, Շահէն Խաչատրեան եւ Սամուէլ Կարապետեան: Հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու մասին դասախօսութիւններուն կողքին, ուսանողները առիթ ունեցան խորհրդակցելու կլոր սեղանի շուրջ, ուր այս անգամ սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եկող եւ Հայաստանի մէջ բնակող ուսանողներ` իրե՛նք քննեցին հարցերը զանազան դիտանկիւններէ:

Հաւաքի 14 օրերու ծրագիրին մաս կը կազմէին մշակութային ձեռնարկներն ու գեղարուեստական ներկայացումները, որոնց շնորհիւ ուսանողները գիշերային Երեւանը ըմբոշխնելու կողքին, հարստացուցին իրենց մշակութային պաշարը:

Ընկերական եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած 40 երիտասարդներ սերտ կապեր հաստատեցին իրարու հետ` անմիջական կերպով առնչուելով հայրենի կեանքին:

Համախմբումի ծրագիրը, օրական տեղեկութիւններն ու նկարները, ինչպէս նաեւ հաւաքի գործունէութեան մասին ուսանողներուն հրատարակած լրատուները տեղադրուած են Համազգայինի կայքէջին վրայ` www.hamazkayin.com:

 

 

Leave a Reply

Advertisement