Sunday May 19, 2013

Բնապահպանումը Դրամատիրութեան Թակարդին Ընդառաջ

By adminx - Tue Jul 31, 5:44 am

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քառասուն հազար բնապահպաններ աշխարհի բոլոր երկիրներէն եւ մօտ տասը հազար պաշտօնական մասնակիցներ, ներառեալ` 80-100 պետական առաջին անձնաւորութիւններ, յունիս 20-22, 2012-ին ժամանեցին Պրազիլի ծովափնեայ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքը, ուր ծրագրուած էր ՄԱԿ-ի միջազգային համագումարը` նուիրուած բնապահպանութեան հարցերուն: Համագումարը ժողովրդականացած էր որպէս Ռիօ+20-ի հետեւում երկու տասնամեակ առաջ, միեւնոյն քաղաքին մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ոչ իսկ տարի մը անց, տեղի ունեցած Երկրի գագաթաժողովին, որ օրին եւ շատ հաւանաբար նաեւ Պաղ պատերազմի աւարտով ստեղծուած համաշխարհային լաւատես մթնոլորտին պատճառով մեծ սպասումներ յառաջացուցած էր` արդէն հրատապ դարձող բնապահպանութեան համամարդկային հարցին միջպետական եւ պետութիւն-քաղաքացիական հասարակութիւն զոյգ հարթակներուն վրայ համապատասխան լուծումներ բերելու իմաստով: Առաւել, 1992-ին բնապահպանման խնդիրն առաջին անգամ միջազգային օրակարգի բերած Սթոքհոլմի համաժողովէն ոչ միայն անցած էր երկու տասնամեակ, որուն ընթացքին բնութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը դրականօրէն քաղաքականացած էր Եւրոպայի տարածքին թէ այլուր ծնունդ առած Կանաչներու կուսակցութեանց ու Կրինփիսի նման համաշխարհային մակարդակով գործող հասարակական զօրաշարժի կազմակերպութեանց աշխուժացման ընդմէջէն, այլեւ նաեւ աւարտած էր երկու գերպետութիւններու հակամարտութիւնը, որ գլխաւոր խոչընդոտը կը համարուէր միջազգային համագործակցութեան…

Երկրի գագաթաժողովի 2012-եան պարբերագլուխը պաշտօնապէս նուիրուած էր «Տանելի զարգացման» («Սասթէյնպըլ տիվելոփմընթ») ընդհանուր թեմային, այնպէս` ինչպէս որոշուած էր քսանամեակ մը առաջ: Այդ թեման կ՛ենթադրէր, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը զարգանալու մեծ կարողականութիւն ունէր Պաղ պատերազմէն ետք եւ համաշխարհայնացման գործընթացը առիթ կ՛ընծայէր բոլորին դուրս գալու աղքատութեան կառուցային ոլորտէն` միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ արդիականացնելով իրենց տնտեսութիւնը: Միաժամանակ, սակայն, կը զգուշացնէր, որ զարգացումը չէր կրնար բնական միջավայրը քանդելու, երկրի հում նիւթերու պաշարները անդարձ կերպով սպառելու, մթնոլորտը վտանգաւոր աստիճաններու հասած կազային արտանետումներով ապականելու, մէկ խօսքով` ապագայ սերունդներու վերապրումի գնով անմիջականօրէն զարգանալու եւ հարստանալու հաշուոյն:

Բայց անցնող քսանամեակին ճիշդ այդ մէկը պատահեցաւ:

Ազատ շուկայի համաշխարհայնացումը, որ իրականացաւ պետական թէ միջազգային ամէն վերահսկումէ զերծ պահելու քաղաքական որոշումով, ծնունդ տուաւ սպառողական վայրագ տենչի, որուն զոհերէն մին դարձաւ մարդկութեան բնական միջավայրն իսկ: Իրերայաջորդ բնական աղէտներուն քանդումի ծաւալը, բայց մանաւանդ կենսոլորտի ջերմացման առաջքը առնելու կոչուած Քիոթոյի փրոթոգոլին ձախողութիւնը, ի շարս այլ երեւոյթներու, եկան ցոյց տալու, թէ որքա՛ն հզօր էր համաշխարհային դրամատիրութեան ագահութեան կիրքը եւ որքա՛ն թոյլ` զայն դիմակայելու միջպետական համագործակցութեան քաղաքական կամքը: Գիտական ուսումնասիրութեանց հետեւումով, կլիմայական փոփոխութիւնը միայն 2010-ին պատճառ հանդիսացած էր բնական աղէտներու 90 տոկոսին, որոնց զոհ գացած էին մօտ 300 հազար մարդիկ, մինչ նոյն հիմնապատճառով յառաջացած տնտեսական կորուստները կը գերազանցէին 100 միլիառ եւրոն:

Խորքին մէջ Ռիօ հաւաքուած բոլոր հատուածներուն համար ի սկզբանէ յստակ էր, որ համաժողովը հազիւ թէ գործնական նախաձեռնութեան յանգի, եւ առաւելագոյնը, որ սպասելի էր մասնագէտներու կողմէ իրենց ելոյթները պատրաստած պետական անձնաւորութիւններէն` նախագահ, վարչապետ թէ արտաքին գործոց նախարար, յաւուր պատշաճի եւ «փուր լա կալերի» յայտարարութիւն մըն էր: Անոր համար շատեր, պետական անձնաւորութիւն թէ բնապահպանման հարցերով զբաղող քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութեան անդամ, իրենց նուազագոյն պարտականութիւնը ըրին` ճառերով ու յարաբերական աշխատանքներով ի մտի ունենալով Քոփփաքապանայի թէ Իփանեմայի գեղեցիկ ծովափները քանի մը օր քայփիրինիայի գաւաթներով ու սամպա երաժշտութեամբ վայելելու հեռանկարը… Եւ պէտք է ըսել, որ աշխարհի ամենահզօրները իրենց յուսախաբ չըրին: Անոնցմէ շատերը ոչ իսկ ներկայ էին համաժողովին: Պահպանողական Ճորճ Պուշ (հայր) բնապաշտպանները սիրողը չէր, անոնցմէ մէկուն նոյնիսկ հրապարակայնօրէն «դուք (բնապաշտպաններդ) վայրագ մարդիկ էք» ըսաւ բարկացած, բայց քսան տարի առաջ Ռիօ կը գտնուէր, մինչ 2008-ին յառաջդիմականի իր դիմագիծով իշխանութեան հասած Օպաման նախընտրեց մնալ իր երկիրը եւ մօտէն հետեւիլ նախագահական ընտրապայքարի սկզբնաւորութեան: Տարբեր պատճառներով ներկայ չէին նաեւ Միացեալ Թագաւորութենէն Տէյվիտ Քամերոնն ու Գերմանիոյ Անկելա Մերքելը:

Բայց եթէ բոլորին ի սկզբանէ յստակ էր, որ Ռիօ+20-ի արդիւնքը պիտի ըլլար համոզել, որ անհրաժեշտ է սերունդ մը ետք կրկնել նոյն բեմադրութիւնը, պարզապէս որովհետեւ այլընտրանք չկայ, եւ եթէ այս յոռետես կանխատեսումով հանդերձ յիսուն հազարնոց մարդկային զօրաշարժը հաճելի անակնկալ մըն էր, եւ քիչ չէին անոնք, որոնք տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ այդուհանդերձ լաւագոյն ապագայ մը կ՛ուզէին տեսնել, համաժողովին իրական անակնկալը եղաւ զարգացած երկիրներէն սեղանի վրայ դրուած այսպէս կոչուած համաշխարհային մակարդակով «Կանաչ տնտեսութեան» ուղղուածութեամբ զարգացման առաջարկը:

Իր բանաձեւումով առաջարկը ոչ միայն անմեղ ու բնապահպանման յարիր կը թուի, այլ կարծես զարգացած Հիւսիսէն աշխարհի մնացեալ երկիրներուն ուղղութեամբ համագործակցութեան նախանձախնդրութիւն կ՛արտայայտէ: Կը մնայ, որ դարերով այսօր Հարաւային Ամերիկայի ու Ափրիկէի նման արագընթաց կերպով զարգացող տարածաշրջաններու բնական հարստութիւնները կողոպտած նախկին գաղութատէրերու կողմէ եկած որեւէ առաջարկ արդարօրէն թերահաւատութեան, դիմադրութեան եւ մինչեւ իսկ հակահարուածի հակազդեցութեան առիթ կու տայ: Ռիօ+20-ի պաշտօնական բացումէն առաջ, երբ պատուիրակութեանց փրոթոգոլային մասնագէտները համաժողովի պատրաստութեամբ զբաղած էին, քաղաքի հարաւային թաղամասերուն մէջ Համաշխարհային սոցիալական ֆորումին հրաւէրով տեղի կ՛ունենար Ժողովուրդներու համագումարը, որուն ընթացքին նախկին Երրորդ աշխարհի եւ այսօր արդէն Համաշխարհային հարաւ յորջորջմամբ ծանօթ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ` Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն յառաջդիմական մտաւորականներ, հրապարակային քննարկման կը դնէին դրամատիրութեան դէմ պայքարը` ի խնդիր հարստութեան արդար բաշխումին եւ բնապահպանման: Այդ քննարկումներուն ընթացքին բացայայտուեցաւ «Կանաչ տնտեսութեան» առաջարկին իսկական էութիւնը` իր նորագոյն տագնապը ապրող դրամատիրութեան վերստեղծման թակարդներէն մին, որ խորքին մէջ հետամուտ է բնապահպանման սկզբունքները շուկայադրելու, զանոնք վերածել շրջագայող ապրանքի եւ աճուրդի հանել սակարանին մէջ: Մարքսեան դարձուածքով` դրամատիրութեան նորագոյն հնարում «Կանաչ տնտեսութիւնը» ոչ թէ «բարեկեցութեան, ընկերային հաւասարութեան, միջավայրի ռիսքերու եւ սակաւութեան» հարցերուն ուղղուած նոր քաղաքականութիւն մըն է, ինչպէս կ՛ուզէր համոզել մամլոյ լրագրողներուն «Տէօչէ պանք»-ի տնտեսագէտներէն Փաւան Սուխտեւ, այլ` բնապահպանութեան սկզբունքներու շուկայադրումն ու ֆեթիշացումն է: Շուկայադրումէն կը շահին համաշխարհային ձեռնարկութիւնները, որոնք եթէ շահ տեսնեն առաջարկին մէջ, կրնան այդ ուղղութեամբ վերակազմակերպել իրենց գործունէութիւնը, իսկ բնապահպանման սկզբունքներու ֆեթիշացումը միամիտները խաբելու կը ծառայէ: Ի զուր չէ, որ պրազիլցի Լէոնարտօ Պոֆֆ, որ 1960-70-ական թուականներուն ազատագրութեան աստուածաբանութեան մեծագոյն տեսաբաններէն եղած է, «Կանաչ տնտեսութիւն»-ը կ՛որակէ «բնութեան դէմ դրամատիրութեան վերջին յարձակումը»: Ամէն ինչ սկսաւ բնական հարստութիւններու թալանով, յետոյ անտառախիլ ըրին Ամազոնը` անոր միլիոնաւոր հեկտարներուն վրայ սոյա ցանելու` ի շահ երկրագործական մեծ ձեռնարկութիւններու, իսկ հիմա բնութիւնն է, որ ապրանքի կ՛ուզեն վերածել, կը բացատրէ ան արժանթինեան օրաթերթի մը լրագրողին իր տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ, եւ կ՛աւելցնէ. «Բայց կարելի չէ կեանքը շուկայ հանել…»: Այլ խօսքով, «Կանաչ տնտեսութիւն»-ը գունաւորումէ աւելի ոչինչ է, անով կը ձգտին «դիմայարդարել արտադրողական ամբողջ համակարգ մը, որ Էքօ 92-էն ի վեր, քսան տարի առաջ էր այն, միայն յաւելեալ վնաս պատճառած է միջավայրին եւ խորացուցած` հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ վիհը» (հարցազրոյցը կատարած է Տարիօ Փիկնոթթի, որուն Ռիօ+20-ի մասին յօդուածը լոյս տեսած է արժանթինեան «Փախինա/12» օրաթերթի 17 յունիս 2012-ի համարին մէջ, էջ 26):

Ռիօ+20-ին կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւն մը` արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ: Ռիօ էր նաեւ Հայ օգնութեան միութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպում երկու պատուիրակութեանց միջեւ տեղի ունեցած է տեղւոյն վրայ, բայց ոչ` համաժողովին միասնաբար մասնակցելու, թէկուզ եւ աշխատանքներն ու նպատակներու համակարգելու նախնական ծրագիր, առաջարկ կամ նախանձախնդրութիւն: Ենթադրելով, որ նման միջազգային հաւաքներու մասնակցութիւնը Հայաստանի համար դիւանագիտական փրոթոգոլ չէ միայն, այլ նպատակադրուած ծրագրաւորում` ի խնդիր ազգային շահի, Ռիօ+20, դժբախտաբար, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան կորսուած այլ առիթ մը եղաւ միայն: Կը մնայ յուսալ, որ երբ իրականութիւն դառնայ համահայկական Մեծն ռազմավարութիւն մը, եւ հայրենի դիւանագիտութիւնը իր գործունէութիւնը վերասահմանէ այդ տրամաբանութեան մէջ, նման բացթողումներ ինքնաբերաբար սրբագրուին: Միայն թէ չսպասենք յաջորդ Երկրի գագաթաժողովը քսան տարի, ամբողջ մէկ սերունդ, յետոյ…

 

Leave a Reply

Advertisement