Tuesday May 21, 2013

Վրաստան. Ակնարկ Մը` Ժողովրդավարականացման Մութ Կողմին Վրայ

By adminx - Tue Jul 31, 5:42 am

ՄՈԼԻ ՔՈՐՍՕ
«Եուրէյժիանեթ»

Ազատութիւնը իր միւս երեսն ու կողմը ունի: Վրաստանի մէջ ատիկա կը թարգմանուի բանտի բնակչութեան, որ համեմատաբար Ռուսիայէն աւելի է, եւ նաեւ` արդարադատական դրութեան, համակարգի, որ զգայուն, նուրբ նիւթ մը կը մնայ կառավարութեան համար:

Մօտաւորապէս 4,5 միլիոն բնակչութեամբ, Վրաստան նախկին խորհրդային երկիրներու շրջանակին մէջ կրնայ ժողովրդավարացման ղեկավար ըլլալ, բայց Վրաստան նաեւ իր քաղաքայինները բանտարկելու ամէնէն բարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի աշխարհի մէջ. իւրաքանչիւր 100 հազարի` 531 բանտարկեալ:

Այնուհանդերձ, Թիֆլիս դեռ երկար ճամբայ ունի անցնելու, մինչեւ որ հասնի համաշխարհային առաջնորդին` Միացեալ Նահանգներուն, որ իւրաքանչիւր հարիւր հազար բնակիչի վրայ 731 բանտարկեալ ունի` ըստ Բանտի ուսումնասիրութիւններու Լոնտոնի միջազգային կեդրոնին:

Նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի վարչակազմը վերջին տարիներուն ձգտեցաւ որոշ հեռաւորութիւն մը հաստատելու Վրաստանի եւ երկրի կամայական արդարադատութեան խորհրդային ժառանգութեան միջեւ: Բարեկարգումները փորձեցին բարելաւել արդարադատական համակարգը եւ աւելի լաւ կանոնակարգել երկրին բանտերը:

Այդուհանդերձ, համակարգուած խոշտանգումներու մասին բողոքները շարունակուեցան: Եւ հակառակ թափանցիկութեան յանձնառութեան Վրաստանի կառավարութեան խոստումին` բանտի բնակչութեան եւ պայմաններու մասին տեղեկութիւններ ստանալը լուրջ մարտահրաւէր մըն է. պաշտօնատարները խստօրէն կը սահմանափակեն կապերը, հաղորդակցութիւնը:

Արգիլուած թմրանիւթ ունենալու  յանցանքին համար 6 տարուան ազատազրկման  դատապարտուած եւ բանտին մէջ մահացած 39-ամեայ Զուրապ Տելիանիծէին նկարները բացայայտուեցան` հաստատելով Վրաստանի բանտերուն մէջ տեղի ունեցող խոշտանգումներու դէպքերը: Նկարները, որոնց մէջ կը տեսնուէին Տելիանիծէի մարմնին վրայ տանջանքներու հետքեր, տարածուեցան համացանցի միջոցով:

Տելիանիծէի միջադէպը մէկն է վերջին վիճայարոյց միջադէպերու շարքէն, որ նաեւ կը ներառէ պարագայ մը, որուն մէջ կ՛ենթադրուի, թէ 46-ամեայ մարդ մը մահացած է ոստիկանատան մէջ  եւ` մեղադրանքներ, ըստ որոնց, բանտապահներ բռնաբարած են բանտարկեալ մը:

Երկրի բանտային համակարգը վարող պետական երկու կառոյցներու (նախարարութիւն եւ իրաւաբանական օգնութիւն) ներկայացուցիչները եւ ներքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս հերքած են Վրաստանի բանտերուն եւ ոստիկանատուներուն մէջ տեղի ունեցող բանտարկեալներու խոշտանգումներու եւ բռնաբարումներու մասին պնդումները: Տելիանիծէի պարագային, հետաքննիչները անոր մահը վերագրեցին չմանրամասնուած «վեներական ախտի» մը, որ անոր մարմինին վրայ մահճակալի սպիներ եւ այլ հետքեր ձգած է:

Մարդկային իրաւանց վրացական կազմակերպութեան նախագահ Նատիա Իմնածէ, չի հաւատար պաշտօնական բացատրութեան, եւ կը պնդէ, որ Տելիանիծէի պարագան կ՛արտացոլացնէ Վրաստանի բանտերուն մէջ համակարգային խնդիրը, որ կը ներառէ արգելափակեալներուն տրուող բժշկական անբաւարար օգնութիւնը: «Վատ վերաբերումի խնդիրները կը շարունակուին` հակառակ բանտերը բարեկարգելու կառավարութեան ծաւալուն ջանքերուն», ըսաւ ան:

Մարդկային իրաւանց մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած 2012 թուականի զեկոյցը համակարծիք է այդ տեսակէտին: Զեկոյցը հրապարակուեցաւ 24 մայիսին: Ատոր մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Պետական պաշտօնատարներու կողմէ բանտարկեալներու խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ արգելարաններու պայմաններու վտանգաւոր մակարդակը Վրաստանի մէջ անցեալ տարի արձանագրուած մարդկային իրաւանց ամէնէն կարեւոր խախտումներէն մէկն է»:

Բանտերու հարցով զբաղող նախարարութիւնը այս մասին մերժեց խօսիլ Եուրէյժիանեթին` թելադրելով հետեւիլ նախարարութեան կայքէջին:

Նախարարութիւնը կ՛ըսէ, թէ բարեկարգումներու ցանկը գլխաւորող բանտերու շինարարութիւնը պիտի օգնէ պաշտպանելու արգելափակեալներու իրաւունքները:

Բանտերու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը` Քրէական բարեկարգումներ (Լոնտոն), կը տեղեկացնէ, որ Վրաստանի 17 բանտերէն 14-ը նոր են, կամ` վերանորոգուած: Նախարարութեան կայքէջը կ՛ըսէ, թէ բանտարկեալներուն 90 առ հարիւրը այդպիսի վայրերու, արգելարաններու մէջն են: Կայքէջը նաեւ կը թուէ այլընտրանքային դատավճիռներ, գրադարանէն օգտուելու կարելիութիւններ, վարժութիւններ, ճաշի բարելաւուած սպասարկութիւն, տեսերիզային խորհրդաժողովներ, հիւրերու երկարաձգուող այցելութիւններ, ի շարս այլ ջանքերու, որոնց նպատակն է բանտարկեալներուն բարեկեցութեան բարելաւումը:

Բայց արգելարաններու բարեկարգումին գործիչները կը դժգոհին, կը պնդեն, որ այս միջոցառումները բաւարար չափով չեն գործադրուիր, կամ բաւական հեռու չեն երթար:

«Արգելարաններու գերխճողուածութիւնը եւ բանտերու պաշտօնատարներու մօտ անպատժելիութեան զգացումը կը քաջալերեն խոշտանգումները, բռնութիւնները», ըսաւ քրէական բարեկարգումներ միջազգային կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի մասնաճիւղի տնօրէն Ցիրա Չանթուրիա, որ դիտարկած է Վրաստանի բանտային համակարգը, 2003-էն ի վեր:

«Անոնց արտօնուած է բանտերը կառավարելու իրենց սեփական ձեւը… Ուրեմն, երբ անոնք բազմանդամ անձնակազմ չունին, կը վերադառնան բանտերը կառավարելու վայրագ միջոցներուն, չափազանց խիստ, կարծր ըլլալով արգելափակեալներուն հանդէպ եւ այլն», ըսաւ Չանթուրիա` ակնարկելով բանտի պաշտօնատարներու:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանին 2011-ի զեկոյցը Վրաստանի բանտերէն ինն իբրեւ գերխճողուած դասակարգեց: Թիֆլիսի մէջ թիւ 1 արգելարանը, օրինակ, կառուցուած է ընդունելու համար 750 բանտարկեալ, բայց այժմ հոն արգելափակուած են 1053 անձեր:

«Բացի բռնութիւններէ, կամայական պատիժները, ինչպէս` ջուրի հոսքի ընդհատում, անհրաժեշտ բուժումէ զրկում, նոյնպէս օգտագործուած են կառավարելու համար բանտարկեալները», կը նշէ Նազի Ճանեզաշուիլի` գործադիր տնօրէնը մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան` «Սահմանադրութեան թիւ 42 յօդուած»-ին:

Պաշտօնատարները նաեւ կը քննադատուին սխալողները, թերացողները բանտարկելու իրենց ընդհանուր մօտեցումին համար: Օրինակ, Մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեան (Հիումըն ռայց ուոչ) 2012 յունուարին հրապարակած հաղորդագրութիւնը ըսաւ, որ վարչական կալանաւորումը (անկարգապահութեան համար մարդոց մեկուսացումը առանձին խուցի մէջ), վրացիները կը զրկէ պատշաճ հոլովոյթէ:

Մինչ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ այսպիսի քննադատութիւններ կը փութացնեն բանտարկութեան պայմաններու փոփոխութիւնները, Մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեան Կովկասի ուսումնասիրող Կիորկի Կոկիա հակադարձեց, որ ոչինչ կատարուած է բարելաւելու համար մարդոց կալանաւորումը` անորոշ եւ երբեմն կամայական մեղադրանքներով:

«Ընթացիկ դրոյթներով, ոստիկանութիւնը ձերբակալութենէ մը ետք, 12 ժամուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ ամբաստանութիւնները, եւ կեդրոնական ոչ մէկ տեղեկատու աղբիւր գոյութիւն ունի, որպէսզի փաստաբանը գիտնայ, թէ իր յաճախորդը ուր արգելափակուած է», ըսաւ Կոկիա: Դատավարութիւնները մակերեսային են, միայն քանի մը վայրկեան կը տեւեն: Պատճէնները տրամադրելի են միայն 3 օր ետք: Արդարութեան նախարարութիւնը այս կիրարկումներուն վերաբերեալ իր ուղղումները չէ հրապարակած եւ հարցազրոյցի խնդրանքին չէ պատասխանած հրատարակութեան ատեն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement