Հայաստանէն Ի՞նչ Գին Կը Պահանջուի «Եւրոպական Համարկում»-ին Համար
By adminx - Tue Jul 31, 5:40 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 14-ի Ֆրանսայի ազգային տօնը` Պասթիյի բռնադատումի ամրոցին խորտակման տարեդարձը առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հայաստան եւս, իր կարգին, իւրովի մասնակցութիւն բերէ մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութեանց հռչակման ու պաշտպանութեան միջազգային ոգեւորումին:
Հայաստանի նախագահը յատուկ ուղերձով շնորհաւորեց Ֆրանսայի տօնը եւ վերահաստատեց իր կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու եւ ամրապնդելու ինչպէս Ֆրանսայի հետ երկկողմ յարաբերութեանց զարգացման, նոյնպէս եւ ընդհանրապէս «եւրոպական համարկման» ուղղութեամբ նետուած քայլերը:
Հայկական տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլը եւս լուսարձակի տակ առաւ տօնական այս առիթը` յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով Հայաստանի որդեգրած «եւրոպական համարկում»-ի ուղեգծին քննարկման եւ արժեւորումին:
Անշուշտ հայ քաղաքական միտքը պէտք չունէր սպասելու յուլիս 14-ի Պասթիյի օրուան տօնական առիթին, որպէսզի իր օրակարգին վրայ առաջնային կարեւորութեամբ քննութեան նիւթ դարձնէր եւրոպական համարկումի խնդիրը:
Եւրոպական համարկումի ուղեգիծը փաստօրէն բաց օրակարգ է Հայաստանի թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին քաղաքականութեան մակարդակներուն վրայ: Ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի հարցին խաղաղ կարգաւորումը ապահովելու ուղղութիւններով, այլեւ` Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ մարդկային իրաւունքներուն եւ քաղաքացիական ազատութեանց պաշտպանութիւնը ամրապնդելու առումներով, եւրոպական համարկումը կենսական ու անփոխարինելի նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար:
Մանաւանդ որ տարածաշրջանային իմաստով եւրոպական համարկումը դարձած է մեր օրերու գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը, եթէ ոչ` կարեւորագոյնը, որուն յարաբերաբար քաղաքական ուժերու եւ դիրքերու վերադասաւորման ընդհանուր ալեկոծում մը համակած է եւրոպական ցամաքամասէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներն ու ժողովուրդները:
Հետեւաբար, Պասթիյի` քաղաքական հալածանքի ու բռնադատութեան այդ խորհրդանիշ բերդին խորտակման տօնը առիթը կ՛ընծայէ, որպէսզի եւրոպական համարկման բաց եւ ընդհանրական օրակարգը յատուկ հնչեղութեամբ արծարծուի հայ քաղաքական մտքին կողմէ:
Խօսքը կը վերաբերի վերանկախացեալ մեր հայրենիքի ժողովրդավարական զարգացման ցուցանիշները բարելաւելու հրամայականին` որոշապէս մարդկային իրաւանց եւ քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպանութեան մարզէն ներս:
Փաստօրէն, եւրոպական համարկումը պայմանաւորող այդ արժէքներուն նկատմամբ Հայաստանի մէջ իշխող կառավարման համակարգը միայն ձեւականօրէն յարգանք կը ցուցաբերէ. սոսկ շրթունքի տուրք կը մատուցէ` անոնց պաշտպան կանգնելու իր պատրաստակամութեան մասին ճառելով:
Տարբեր գնահատում կարելի չէ տալ իշխանութեան համակարգի մը, որ մայիս 6-ի խորհրդարանական ընտրութեանց ժողովրդավարական նմանակումը բեմադրեց, իսկ վերջերս ալ հնարաւոր դարձուց «Հարսնաքար»-ի ողբերգական ոճիրն ու անոր պատասխանատուն անպատիժ ձգելու քաղաքական գայթակղութիւնը…
Իսկ նման իշխանութիւնը, որ ժողովրդավարական խոցելի վարքագիծով կը ձեռնարկէ եւրոպական համարկումին, պարզապէս մեծապետական հաշուեյարդարներու զոհասեղանին դրուած խաղաքարի մը կը վերածուի Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) ղեկավարող պետութեանց ձեռքը:
Նոյնիսկ Թուրքիոյ օրինակով տարածաշրջանային ուժեղ պետութիւնը, որ Եւրոպայի տարածքին միլիոնաւոր թուրք փոքրամասնութիւններ ունի եւ, տնտեսական ու քաղաքական մրցունակութեամբ, ի վիճակի է եւրոպացի իր խօսակիցներուն նախասիրութիւններ պարտադրելու, իր կարգին սուր կերպով կարիքը կը զգայ ժողովրդավարական իր ցուցանիշներուն բարելաւումին, որպէսզի կարենայ յառաջխաղացք արձանագրել եւրոպական համարկումի ճակատին վրայ:
Աւելի՛ն. նոյնինքն Ֆրանսայի տարողութեամբ մարդկային իրաւանց եւ քաղաքացիական ազատութեանց ախոյեան եւրոպական պետութիւնները ընկրկում կ՛ապրին համարկման ճամբով իրենց շահերու ձեռքբերման ճակատին վրայ, երբ ժողովրդավարական վարկանիշով խոցելի իշխանութիւններ կեանքի կը կոչեն: Սարքոզիի իշխանութեան տակաւին թարմ ձախողութիւնը խօսուն ապացոյց է:
Յամենայն դէպս, ուշագրաւ է, որ Պասթիյի խորտակման յուլիս 14-ի տօնին առիթով, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը հարցազրոյց մը շնորհեց News.Am լրատուական կայքէջին եւ «գոհունակութիւն» յայտնեց, որ «Հայաստանն ընտրել է եւրոպական մոտելը` ստանձնելով ԵՄ-ի հետ մերձեցման գործընթացը: Զգալի առաջընթաց են գրանցել ասոցացման (գործակցութեան) համաձայնագրի բանակցութիւնները: Գոհացնող են վիզային ռեժիմի հեշտացման եւ յետընդունման համաձայնագրի վերաբերեալ գործընթացները: Այս գարնանից ծաւալուել են խորը եւ համապարփակ ազատ առեւտրի վերաբերեալ բանակցութիւններ: Եւրոմիութիւնն արդէն իսկ Հայաստանի թիւ մէկ առեւտրային գործընկերն է: Իր հերթին էլ Ֆրանսան, երկկողմ համագործակցութեան համատեքստում, անվերապահօրէն սատարում է Հայաստան-Ե.Մ. մերձեցման գործընթացին»:
Հարցազրոյցէն դատելով` դեսպան Անրի Ռենօ պատճառ չի տեսներ, որ նոյնիսկ յուլիս 14-ի առիթով լուսարձակի տակ առնէ մարդկային իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու պաշտպանութեան մարզին մէջ Հայաստանի իշխանութեանց դրսեւորած անբաւարար վարքագիծը:
Բայց Ֆրանսայի դեսպանին լռութեան պատճառը իր հաւատարմագրուած երկրի ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու դիւանագիտական նախանձախնդրութիւնը չէ այնքան, որքան` Հայաստանի իշխանութեանց քաղաքական որոշակի ուղեգիծ մը թելադրելու եւ դիւանագիտականօրէն պարտադրելու® շահագրգռութիւնը:
Յուլիս 14-ի առիթով մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութեանց տէր կանգնելու յաւուր պատշաճի յորդոր տալու փոխարէն` Ֆրանսայի դեսպանը մեծ ախորժակով յորդորներ կը բաշխէ հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման կարեւորութեան մասին:
Ահա՛ պր. Ռենոյի համապատասխան զեղումը.
«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորումը մեծագոյն գերակայութիւն է: Հարկաւոր է, որպէսզի հաստատուեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բացուեն սահմանները: Հրատապ է 2009-ին ստորագրուած ու մեծ յոյսերի տեղիք տուած հայ-թուրքական արձանագրութիւնների վաւերացումը: Միայն այս ճանապարհով հնարաւոր կը լինի հող ստեղծել շփումների եւ փոխանակումների համար, յետոյ արդէն բացել հաշտեցման դուռը երկու երկրների միջեւ: Իրականում Ֆրանսայի եւ Գերմանիայի օրինակը ցոյց է տալիս, որ չապաքինուող վէրք չկայ: Արժէ խորհել Ֆրանս-գերմանական հաշտեցման յիսնամեայ պատմութեան մասին»:
Առնուազն ընդվզեցուցիչ է հայեւթուրք արիւնալի կնճիռը ֆրանսեւգերմանական հաշտեցման օրինակով «դարմանելու» առաջադրանքը դեսպանի մը կողմէ, որուն երկիրը սահմանադրական տարազումը կը փնտռէ հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական յանցագործութիւն նկատելու եւ պատժելու օրինագիծին…
Ընդվզեցուցիչ է յատկապէս եւրոպական համարկման համար Հայաստանէն պահանջուած գինը, որուն բանբերը կը հանդիսանայ, այլոց շարքին, Ֆրանսայի դեսպանը` յուլիս 14-ի առիթով:
Պարոն Ռենօ ճիշդ կ՛ընէ, եթէ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսան ներկայացնող իր պաշտօնակից դեսպանին վերապահէ հայեւթուրք արձանագրութեանց գովքը հիւսելու եւ անոնց վաւերացումը յորդորելու պարտականութիւնը:
Մանաւանդ յուլիս 14-ի Պասթիյի խորտակման տարեդարձին առիթով` Ֆրանսայի դեսպանէն բնականօրէն մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութեանց պաշտպանութիւնը շեշտող յորդորներ կատարուին:
Այլապէս ի՜նչ կը մնայ աւելի քան երկու դար առաջ բռնադատութեան խորհրդանիշ Պասթիյը խորտակած ֆրանսացի ժողովուրդին բարոյական վեհութենէն, եթէ քաղաքական այս կամ այն նկատառումով այսօրուան Ֆրանսան լուռ պիտի անցնի որեւէ երկրի, այդ շարքին նաեւ մեր երկրին` իրաւունքի եւ ազատութեան մարզերուն մէջ խոցելի վարքագծին վրայէն, որպէսզի անարդար ուղեգիծ մը թելադրէ եւ պարտադրէ Հայաստանին յանուն… եւրոպական համարկումին:
Մեր ժողովուրդը իր մէջ ունի բաւարար ներուժը, մանաւանդ` արիւնալի անցեալէն ժառանգած իմաստութիւնը, որպէսզի ի՛նք ճշդէ, որոշէ եւ ընտրէ իրաւունքի ու ազատութեան, անկախութեան եւ արդարութեան առաջնորդող ռազմավարութիւնը:
Հայ քաղաքական միտքը ամէն պատճառ եւ հիմք ունի չկրկնելու անցեալը, երբ «Ազատն Եւրոպան» իբր թէ կը ձայնակցէր թրքական արիւնարբու բռնակալութեան դէմ հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումին, բայց ըստ ամենայնի քաղաքական առուծախ կը կատարէր միլիոնաւոր մեր նահատակներուն եւ աւերուած ու բռնագրաւուած մեր հայրենիքին հաշուոյն:
Հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման այսօրուան յորդորները, փաստօրէն, քաղաքական առուծախի միեւնոյն աղբիւրէն ջուր կը խմեն:
Հայ քաղաքական միտքը չի կրնար ընդունիլ, որ պատմութիւնը կրկնէ ինքզինք` այս անգամ հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման յորդորներու տեսքով:
Որպէսզի վաղը չգայ նոր օրերու Վահան Թոթովենց մը եւ ընդվզումով ու ցասումով նորովի գրէ.
«Լինում է, չի լինում, մի փոքրաթիւ եւ հին ժողովուրդ է լինում, որ ապրում էր Վանայ ծովից մինչեւ Միջերկրականը, Բաղդադից մինչեւ Բիւզանդիոնը: Լինում է այդ հին ժողովուրդը հողագործ, աղքատ, արհեստաւոր, մտաւորական, վաճառական, կալուածատէր, բանկիր, պետական բարձր պաշտօնատար, փողոցների կեղտը հաւաքող, ծառայ, ճորտ եւ այլն: Այդ ժողովրդին սիրաբորբոք սիրում են իր հարուստ ցեղակիցները` նրա սահմաններից դուրս. սիրաբորբոք սիրում էին նրանց եւ արեւմտեան պետութիւնների մինիստրները, որովհետեւ այդ ժողովուրդն ունէր սեւ ու սիրուն աչքեր եւ տարածում էր կուլտուրա ողջ խաւար Արեւելքում: Սիրաբորբոք սիրուց մղուած` իր հարուստ ցեղակիցները եւ արեւմտեան մինիստրները հրում են այդ ժողովրդին դէպի կռիւ իր հարեւանների դէմ, հարեւաններ, որոնք տարբեր էին կրօնով, արիւնով եւ կուլտուրայով, ունէին սուրեր եւ զրահ, զօրք, ռազմատորմիղ եւ գերակշիռ թիւ: Լինում է, չի լինում, մեծ պատերազմ է լինում: Ողջ աշխարհը բռնում է վառօդի ծուխը, եւ արեան գետեր են հոսում: Հին այս ժողովրդի ականջին գոռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները. «Եկել է ազատութեան ժամը, խփի՛ր քո հարեւանին, խփի՛ր նրա մահիկին քո խաչով»: Հին այդ ժողովրդի սեւ ու սիրուն աչքերը փայլում են ազատութեան տենչից, սկսւում է անհաւասար կռիւը, զարկում են, զարկւում. եւ հին այդ ժողովրդից մնում է միայն մի փշուր` իբրեւ կոշմարային յիշատակ: Ապա գերագոյն ու վսեմ ցինիզմով հռհռում են մինիստրները եւ հարուստ ցեղակիցները` ոսկորների եւ մոխիրների վրայ»:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print



