«Բիճեր»-ու Եւ «Խնդացող… Ագռաւներ»-ու Մասին
By adminx - Tue Jul 31, 5:36 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Ուսանելի ընթերցում կ՛ըլլայ եթէ պրն. Տաւութօղլուն կարդայ Քրիստոֆըր Տը Պլէյկի գիրքը` «Ըմբոստ երկիր»-ի էջ 111-ը, տեսնելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ, ինչպէ՛ս գործադրուեցաւ ու վերջացաւ ցեղասպանութեան հանգրուաններէն մին, եւ մանաւանդ գիտնալու, թէ հոն են այդ ցեղասպանութիւնը վկայող եւ անոր տարողութիւնը կենդանագրող մոխրագոյն փաստարկները: Ինչ որ պատահած է հոն` բռնաբարուած Տարօնի աշխարհի այդ հողաշերտին վրայ, ձեւաչափն էր մնացեալ շրջաններու մէջ կատարուած սպանդին ու տեղահանութեան: Պէտք է անդրադառնայ, վստահ եմ, որ ան կը գիտակցի, թէ հռետորաշունչ ցնդաբանութիւններէն ու դիտաւորեալ անճիշդ քաղաքական վարքագիծերէ անդին անցնիլ է պէտք: Յատկապէս պէտք է ազատագրուիլ պատմութեան անամբողջ ընկալչութենէն ու իրենց ռուհճիի վայել անբռնաբարելի ջերմեռանդ հաւատաւորութեամբ ուրացումէն եւ նայիլ պատմութեան, հաստատելու համար այդ իրականութիւնը, իսկ հաստատելէ ետք ընդունիլ զայն եւ ընդունելէ ետք թելադրել հատուցման արիւնալի տարողութիւնն ու չափը` մասնակցութեամբ իր ժողովուրդին ու մեր, վերջնականապէս վերացնելու համար ցեղասպանութեան ու ցեղասպանի խարանը իր ժողովուրդին ու զայն ներկայացնող կառավարութեանց ճակտէն: Ի հեճուկս վարչապետ Էրտողանի պնդումներուն, թէ իր «ժողովուրդը ցեղասպան չէ» եւ վերագրելու, վերսկսելու մեր բարեկամութիւնը հոնկէ, ուր պատմութեան մէկ եղերական վիժուածքով ամէն ինչ կործանեցաւ եւ քաղաքակրթութիւն մը ամբողջ քանդուեցաւ:
«Կ՛երեւի, թէ անոնք [թուրք մտաւորականներ, որոնք ստորագրած
էին հայերէ ներում հայցելու բանաձեւը] գործադրած են ցեղասպանութիւն մը,
որուն համար ներողութիւն կը խնդրեն: Մէջտեղը
եթէ յանցանք մը կայ, անշուշտ որ յանցագործը կրնայ
ներողութիւն խնդրել բայց ես, ոչ ալ իմ երկիրս,
այսպիսի խնդիր ունինք»:
Վարչապետ Թայիփ Էրտողան, «Մարմարա», 18 դեկտեմբեր, 2008
Այլ առիթով մը
«… եթէ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով անհրաժեշտ ըլլայ,
որ Թուրքիա առերեսուի իր պատմութեան հետ, մենք պատրաստ ենք ատոր»:
Վարչապետ Թայիփ Էրտողան, «Մարմարա», 8 մայիս, 2012
եւ պատասխանը`
«Այդ ժողովուրդը [կ՛ակնարկէ հայ ժողովուրդին] աքսորելու
նպատակը մեր հայրենիքին ապագայ բարօրութիւնը ապահովելն է,
որովհետեւ, ուր որ ալ ապրին անոնք երբեք պիտի չլքեն իրենց խռովարարական
գաղափարները, արդ, պէտք է
ջանանք անոնց թիւերը ամէն գնով, մեր կարելիութեան համաձայն, նուազեցնել»:
Թալէաթ Փաշա, նոյեմբեր, 1915:
*
* *
Տը Պլէյկի պատումը գրուած է 2006-էն ետք, վայրի մը մասին, ուր մահաբարբառ զոհերուն աճիւնները լուռ վկաներն են հարիւր տարուան մահուան անմիջնարար ցնորահանդէսին:
Իբրեւ խորապատկեր ըսուելիքին, նկատի ունենանք այն, որ մէկէ աւելի ճամբարներ կային հրեաներու հրկիզման համար` Երկրորդ Աշխարհամարտին, ցրուած Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի տարածքին: Մեր պարագային այդքան բծախնդիր կերպով ծրագրուած չէր եւ… «ցեղասպանութեան ճարտարարուեստը» Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունէր, հակառակ անցնող տասնամեակներուն մէջ ընդ մէջ կազմակերպուած ջարդերուն: Ճամբարներ սակայն, գոյութիւն ունէին ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս թէ դուրս` Տէր Զօր, Ռաս ուլ Այն, Մէսքենէ եւ այլուր: Իսկ այն վայրերը, ուր ժողովուրդ եւ հովիւ, բռնութեամբ խռնուեցան եկեղեցիներու մէջ ու հրկիզուեցան, անկախ իրենց տարողութենէն, կը հանդիսանան ֆաշիստ Գերմանիոյ հրկիզման ճամբարներու նախափորձերը թէ՛ իբրեւ յղացք, եւ թէ՛ իբրեւ այդ յղացքի փորձարական կիրարկում, որպէսզի հաստատեն, որ ամբողջ ժողովուրդի մը զանգուածային ոչնչացումը կարելի է գլուխ հանել:
*
* *
Հոս պիտի անդրադառնամ սպանդի օրինակի մը միայն, որ Տը Պլէյկ կը նկարագրէ գիրքին մէջ: Այդ վայրը կը կոչուի Նեվալա Աշըք (Newala Ask): Շրջանը կը գտնուի Պատմական Հայաստանի սրտին մէջ` Տարօնի Վարդօ գիւղաքաղաքէն 10-20 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք: Թէ ի՞նչ է անոր հայկական անունը, յայտնի չէ, կամ աւելի ճիշդ, չեմ գիտեր: Արդ, թելադրելի է թուրք ղեկավարներուն, պետական աւագանիին` նախագահ, վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար ու զինեալ ուժերու սպայակոյտ, այցելել Տարօն, ըմբոշխնել գեղեցկութիւնը, եւ ինչպէս կը պատահի երբեմն երբ նախագահը կամ վարչապետը յանկարծ կը յիշեն Կարսը ու անհրաժեշտ կը նկատեն ըսելու, թէ Կարսը իրենցն է եւ կամ կուսակցապետ մը անհրաժեշտ կը նկատէ Անիի կործանած Մայր Տաճարին մէջ նամազ կատարել` զայն կրկնակիօրէն պղծելով ու ապականելով անոր քրիստոնէաշունչ սրբազան դիւթանքը, պետական այրերը վայելելէ ետք Տարօնի բնութեան գեղեցկութիւնը անդրադառնան, թէ այդ հողերը իրենցը չեն, ինչպէս իրենցն է այդ հողերու մէջ պահուած պատմութեան գաղտնիքը: Անոնք պէտք է այցելեն նաեւ քիւրտերու, սիւննի կամ ալեւի, եւ անշուշտ, հայերու մնացորդացէն անոնց, որոնք չեն տատամսիր խօսելու 1915-ի դէպքերու մասին, ապա միայն երթան Նեվալա Աշըք ու շատ չմնան հոն: Մնան այնքան, որքան կ՛արտօնէ մինչեւ այդ վայրը երթալը եւ երթալէ ետք ուշի ուշով նայիլ հողին, թերեւս առնելով ափ մը այդ հողէն ու ձեռքերու մէջ փշրելով, զգալու, լսելու անոր խշրտուքը, քննելու անոր փափկութիւնը, գոյնը եւ… տարբաղադրութիւնը:
«… Մենք կ՛ըսենք, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէր, այլ` պատմական
իրադարձութիւններ էին: … Անոնք վնասազերծուեցան,
սակայն այդ մէկը ցեղասպանութեան ճամբուն վրայ չկատարուեցաւ»:
Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ
«Մարմարա», 13 յուլիս, 2012
«Գերմանիոյ չենք նմանիր: Էթնիք սպանդ կամ կէթթօ չկայ»:
Արտաքին գործոց նախարար` Ահմեթ Տաւութօղլու
«Մարմարա», 7 յուլիս, 2012:
Պատմութեան հաստատումը.
« …հիմա որ բոլոր խոչընդոտները վերցուած են, եւ ժամանակը հասած է փրկելու մեր
հայրենիքը այս վտանգաւոր տարրէն [հայ ժողովուրդէն]
անյապաղ ու կարեւորութեամբ յանձնարարելի է,
որ դուք չզղջաք եւ չունենաք որեւէ գութ անոնց ողբալի վիճակին ի տես
բայց վերջ տալով անոնց բոլորին,
ձեր ամբողջական կարողութեամբ փորձեցէք բնաջնջել ու անհետացնել մանաւանդ
«հայ» անունը Թուրքիայէն: Ուշադիր եղէք, որ անոնք, որոնց կը վստահիք իրագործելու այս
նպատակը` հայրենասէր ու վստահելի մարդիկ են»:
……….
«Բոլոր հայերու ապրելու եւ սշխատելու իրաւունքները թուրք հողի
վրայ ամբողջութեամբ ջնջուած են: Կառավարութիւնը իր վրայ
կը վերցնէ բոլոր պատասխանատուութիւնը եւ հրահանգած է
նոյնիսկ օրօրոցի մանուկներուն չխնայել: Այս հրամանի գործադրութեան արդիւնքները
արդէն իսկ տեսնուած են
կարգ մը գաւառներու մէջ: Հակառակ ասոր եւ մեզի
անյայտ պատճառներով, բացառիկ
միջոցառումները առնուած «կարգ մը մարդոց» [կ՛ակնարկուի հայերու]
մասին եւ փոխանակ այս մարդիկը` ժողովուրդը
ուղղակիօրէն աքսորավայրերը ղրկուելու, Հալէպի մէջ ձգուած են
եւ այսպիսով կառավարութիւնը ենթարկուած է յաւելեալ դժուարութեան:
Առանց նկատի առնելու որեւէ պատճառաբանութիւն,
հանեցէք զիրենք այդտեղէն, կիները թէ երեխաները, ինչ որ ալ ըլլան,
նոյնիսկ եթէ անկարող են շարժելու:
Մի՛ արտօնէք, որ մարդիկ պաշտպանեն զիրենք, որովհետեւ
իրենց տգիտութեան հետեւանք, նիւթական շահերը կը գերադասեն
հայրենասիրական զգացումներուն եւ չեն կրնար գնահատել
կառավարութեան մեծ քաղաքականութիւնը, որ կը պնդէ այս գործընթացին վրայ:
Որովհետեւ փոխանակ բնաջնջումի անուղղակի միջոցներուն, որոնք
գործադրուած են այլ տեղերու մէջ, ինչպէս` խստութեան, աճապարանքի
(տեղահանութիւնները գլուխ հանելու) ճամբորդութեան դժուարութիւններ
եւ դժբախտութիւններ, հոն ուղղակի միջոցներ ապահովաբար կրնան
գործածուիլ, հետեւաբար սրտա՛նց աշխատեցէք:
Պատերազմական գրասենեակէն ընդհանուր հրամանները յղուած են
բանակի բոլոր հրամանատարներուն, որպէսզի միջամուխ չըլլան
տեղահանութեան աշխատանքներուն: Ըսէք այն
պաշտօնակատարներուն, որոնք պիտի նշանակուին սոյն նպատակին համար, թէ պէտք է
գործադրեն մեր բուն մտադրութիւնը, առանց վախնալու պատասխանատուութենէն:
Հաճեցէք ծածկագիր շաբաթական
տեղեկագրեր ուղարկել ձեր գործունէութեան արդիւնքներու մասին»:
Ներքին գործոց նախարար` Թալէաթ Փաշա, 9 մարտ, 1915:
Այո՛, տարբաղադրութիւնը` որովհետեւ զայն լոյսին բերելու համար պէտք պիտի չըլլայ որեւէ յաջառաջեալ գործիքի, կը բաւէ մարդ ըլլալ միայն: Չէ, այս բառը սխալ չէ հոս, որովհետեւ այդ ափ մը հողը բաղկացնող նիւթերէն մին շուտով կարելի է ճշդել: Այդ աւագանիին մէջ վստահաբար կը գտնուին ճարտարապետներ կամ հողէ հասկցող անհատներ, թէեւ անհրաժեշտ ալ չէ մասնագիտական կարողութիւն` այդ նախնական զննութիւնը կատարելու համար: Այս բոլորէն բացի, պիտի չթելադրէի տեղւոյն հողը փորել, որպէսզի չանհանգստացնեն այդ մոխրագոյնը տուող ոսկերոտիքը հոն տառացիօրէն մորթուած հազարաւոր նահատակներուն: Ու ապա`
«Կը լսենք, թէ կարգ մը պաշտօնակատարներ ռազմական
դատարան կանչուած են` որոշ ժողովուրդի մը [կ՛ակնարկէ հայերուն] կեղեքումներով եւ
խժդժութիւններով ամբաստանուած: Թէեւ ասիկա պարզ ձեւականութիւն մը կրնայ ըլլալ,
կրնայ նաեւ նուազեցնել միւս պաշտօնակատարներու
եռանդն ու ուժը: Այս պատճառաւ, կը հրահանգեմ չարտօնել
նման քննութիւններ:
………
Ունկնդրել որոշ ժողովուրդի մը [կ՛ակնարկէ հայերու] բողոքներուն,
անձնական բնոյթի ամէն կարգի նիւթերու շուրջ, ո՛չ միայն պիտի
յետաձգէ անոնց աքսորը դէպի անապատ, այլ նաեւ կրնայ ապագային քաղաքական
դժուարութիւններ յառաջացնել: Այս պատճառաւ այդ դիմումնագիրները ոչ
մէկ նկատառման պիտի արժանանան, եւ ըստ այնմ հրամաններ
պէտք է տալ պատասխանատու պաշտօնակատարներուն»:
Ներքին գործոց նախարար` Թալէաթ Փաշա:
Միայն հաստատելէ ետք այդ հողի տեսակը, վերադառնան իրենց գրասենեակներու հանգստաւէտ բազկաթոռներուն նստած, այդ պտոյտէն վերադարձին, երբ խօսին 1915-ի մասին եւ նախքան իրենց յամառութիւնը ուրանալը` վերջնական զառանցանքներով, թող յիշեն ա՛յն, ինչ որ տեսան Նեվալա Աշըքին մէջ: Թող արգիլեն սպայակոյտի պետին` շրջանը տակն ու վրայ ընելու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի ջնջեն հետքն իսկ այդ նախճիրին: Վերջին հաշուով թուրք զինեալ ուժերը իրենց բորենիի արիւնարբու ախորժակներով հարիւր տարիէ ի վեր կը զբաղին ոչնչացնելու այն ամէնը, ինչ որ մերն էր, հայկական էր, այն ամէնը, որ կը թելադրէր թուրք ժողովուրդի ոճրամտութենէն:
Նոր ձայներու խարխափող արձագանգը.
«Գիտեմ, ոմանք կը հաւատան, որ անցեալը փորձանք է եւ աւելի լաւ է
որ մոռցուի: Բայց ես այդպէս չեմ մտածեր:
Կը կարծէք, թէ յաջողեցաք անցեալը թաղել, եւ թէ երբեմն այդ բանը ընել
կը ջանաք պետութեան ուժը գործածելով: Անցեալը կը խեղաթիւրէք:
Ճշմարտութիւնները կ՛ուրանաք: Պետութեան ձեռքով սուտ պատմութիւն գրի կ՛առնէք:
Ամէն միջոցի կը դիմէք, որպէսզի ձեր մարդիկը ապրեցնէք սուտերու աշխարհի մը մէջ:
Բայց ի զուր: Անցեալը օր մը դարձեալ ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Եւ ահա 1915-ը
Թուրքիոյ համար այսպիսի ճշմարտութիւն մըն է»:
Հասան Ճեմալ, «Մարմարա», 7 ապրիլ, 2011
… եւ հատուցման փնտռտուքը.
«Այս քայլերէն ետք Թուրքիա պէտք է սփիւռքի մէջ ապրող
բոլոր հայերը երկիր հրաւիրէ եւ անոնց յանձնէ Թուրքիոյ
քաղաքացիութեան իրաւունք: Սփիւռքի հայերը եթէ վերադառնան
իրենց պապերուն հազարաւոր տարուան հայրենիքը, եթէ
վերատիրանան անոնց լքած ապրանքներուն, յիշատակներուն եւ պատմութեան,
այն ատեն անոնց բարկութիւն դարձած ցաւը պիտի մեղմանայ: Հայաստանի
սահմանը պէտք է բացուի առանց որեւէ նախապայմանի: Խղճմտանքը, մարդկութիւնը եւ
խելքը այսպէս կը հրահանգէ: Թուրքիա, մեղմացնելով հայերու տառապանքը,
պիտի ազատագրուի բոլոր այս ժխտական զգացումներէն»:
Տոքթ. Իւմիտ Քարտաշ, «Մարմարա», 28 ապրիլ, 2010:
(Շար. 2)
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



