Saturday May 25, 2013

50 Տարի Առաջ ( 31 Յուլիս 1962 )

By adminx - Tue Jul 31, 5:31 am

Հայ Կեանք

Ընկ. Գ. Գարապաճեան Մեռած`
Գահիրէի Մէջ

Յուլիս 24-ին, երկար եւ անողոք հիւանդութենէ մը ետք իր աչքերը վերջնականապէս փակած է Գահիրէի մեր ծանօթ ու սիրուած ընկերներէն Գրիգոր Գարապաճեան, որ իր մահէն առաջ մշտնջենական թամատան էր մեր ընկերական խրախճանքներուն եւ խանդավառութիւն կը ստեղծէր հաւաքոյթներուն մէջ:

Կեանքի անիմանալի առեղծուածներէն մէկն ալ ասիկա է. ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ այդ կեանքով լեծուն եւ միշտ կենսուրախ ընկերը հինգ տարի շարունակ  պիտի գամուի անկողինին, գրեթէ շարժելու անկարող վիճակի մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, ընկերներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Դամբանականներ խօսած են Վրէժ Արթինեան` Երիտասարդաց միութեան կողմէ, Պերճ Մսըրլեան` Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մարմիններուն կողմէ:

Գ. Գարապաճեան ծնած էր Կեսարիա: Մեռաւ 57 տարեկան հասակին մէջ: Տարիներ շարունակ ծառայած էր մեր շարքերուն` իր ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին:

 

Գարեգին Վարդապետ Անգլիա Մեկնեցաւ

Անցած շաբաթ օդային ճամբով Անգլիա մեկնեցաւ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը իր 28 յուլիսի թիւին մէջ այդ առթիւ կը գրէ.-

Երէկ խմբագրատանս մէջ հաճոյքը ունեցանք ընդունելու այցելութիւնը Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ Տ. Գարեգին վրդ. Սարգիսեանը, որ անցեալ օր դէպի Անգլիա կատարած իր ճամբորդութեան առթիւ քաղաքս ժամանած էր:

Հայր սուրբը Պոլիս հասնելէ ետք իր առաջին այցելութիւնը տուած էր Շնորհք պատրիարք հօր եւ ունեցած էր տեսակցութիւն մը անոր հետ:

Գարեգին վարդապետ, որ իր ուսումը կատարելագործած էր Օքսֆորտի համալսարանին մէջ, այժմ Անգլիա կը մեկնի զբաղելու համար իր աստուածաբանական աւարտաճառի հրատարակութեան գործով:

Հայր սուրբը քաղաքէս պիտի մեկնի երկուշաբթի օր:

 

Օգնութեան Խաչի Արծուիկներու Բանակումը

Օգնութեան խաչի արծուիկները շաբաթէ մը ի վեր բանակումի ելած են Խընչարայի ակը, ուր, բնութեան ծոցին մէջ, իրենց վարիչներու գուրգուրոտ հոգածութեան ներքեւ, խանդավառ օրեր կ՛ապրին:

Գրեթէ ամէն օր շրջանի գիւղերը օդափոխութեան ելած հայ ընտանիքներ կ՛այցելեն բանակավայր եւ մեծ գնահատանքով կը շնորհաւորեն Օգնութեան խաչի այս ձեռնարկը եւ արծուիկներու վարիչ Սեդա Սարեանը:

Տասը վրաններու տակ, որոնք շատ կոկիկ դասաւորուած են, 35 արծուիկներ զինուորական կարգապահութեամբ կը հետեւին աշխատանքներուն, իւրաքանչիւրը` գիտակից իր պարտականութեան եւ դերին:

Երկուշաբթի կէսօրէ ետք բանակատեղի այցելեցին Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամուհիներէն Լոլա Սասունի եւ Ազատուհի Ռաֆայէլեան` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներէն Անդրանիկ Ուրֆալեանի եւ մօտէն հետաքրքրուեցան բանակումի կեանքով:

Մեծապէս խրախուսիչ եղաւ այս այցելութիւնը, որ առիթ տուաւ հիւրերուն` շնորհաւորելու քոյր Սեդան եւ անոր օգնականները:

Կիրակի, 5 օգոստոս երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ խարուկահանդէս մը, որուն հրաւիրուած են քոյր միութիւններն ու շրջանի գիւղերու հայ գիւղագնացները:

Կ՛արժէ  անպայման այցելել եւ քաջալերել ձեռնարկը:

 

Հայ Սպայ Մը Չիլիի Նաւատորմին Մէջ

Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն.-

Շաբթուան մը համար Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցը խարսխած էր Չիլիի Հանրապետութեան մարտանաւերէն «ԷՍՄԵՐԱԼՏԱ», 350 նաւազներով եւ ծովային նորաւարտ սպաներով: Վերջիններուն մէջ էր հայազգի Հերնան Գույումճեան, որ աւարտած էր իր ընթացքը իբրեւ յաջողագոյն ուսանող իր կարգին` ի պատիւ իր ծնողաց եւ հայութեան:

Տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան հիւրասիրեցին հայ սպան իր ընկերներուն հետ` թէ՛ «Օմար Խայեամ» ճաշարանին եւ թէ՛ իրենց բնակարանին մէջ:

Սպայ Հերնան Գույումճեան որդին է տէր եւ տիկին Լորիս Գույումճեաններու եւ թոռը` Պուէնոս Այրէսէն յայտնի ազգային բարերար Պերզամալիի: Հերնան Գույումճեան իր ընկերներուն հետ «Էսմէրալտա»-ով մեկնեցաւ դէպի Խաղաղականի կղզիները, ուրկէ պիտի վերադառնան Չիլի մօտ երեք ամիսէն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement