Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Tue Jul 31, 5:30 am
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուր որ երթաք արձակուրդի այս օրերուն, ձեր հոգերը ձգեցէք ձեր ետեւ, որպէսզի կարենաք ամբողջովին վայելել զբօսնելու հաճոյքը եւ նորութիւնները` նոր շրջանակներու եւ նոր վայրերու մէջ տեսնուած:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը վերյիշէք հին օրերը, ուր կան յիշատակներ եւ անցած տխուր յուշեր: Մոռցէք այդ ամէնը, մէկ կողմ դրէք երազելը եւ հետեւեցէք նոր օրերու թելադրանքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն մասնակցելու ընկերային հանդիպումի մը, ուր պիտի լսէք հետաքրքրական նորութիւններ: Ձեզի պիտի յանձնեն նոր պաշտօն մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր գիտելիքները բաւարար չնկատէք ձեզի յանձնուած աշխատանքը կիրարկելու, դիմեցէք համացանցային պրպտումներու, ուր կրնաք գտնել ձեր փնտռածը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Ուշ լինի, նուշ լինի» ասացուածքը այսօր պիտի յարմարի ձեր աշխատանքային կացութեան: Երկար ատենուան համար ձեր կատարած փնտռտուքը պիտի յայտնուի անակնկալ կերպով, ինչ որ պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ նեղուիք անձի մը ըրած նկատողութենէն, որ կատակի բնոյթ ունի: Երբեմն աննկատ ձգեցէք այսպիսի ակնարկներ` անգիտակից անձերու կողմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոյն սխալը կրկնելու թակարդին մէջ իյնալէ խուսափելու լաւագոյն միջոցը ժամանակ մը եւս սպասելն է, որպէսզի հարցերը բիւրեղանան: Զգաստ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը լաւագոյնս պիտի կատարէք, պիտի ապահովէք նիւթական եւ բարոյական շահ ու վարկ: Օրը յաջող պիտի ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ միջամտէք ձեզի չվերաբերող հարցի մը, ուր կրնաք նկատուիլ ինքնեկ ներկայութիւն: Առանց հրաւիրուելու` պատասխանատուութիւն մի՛ ստանձնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փոքր գումար մը պիտի վճարէք բարեսիրական նպաստի մը համար: Սիրով վճարեցէք, որովհետեւ սրտով տրուածը կը հասնի իր նպատակին: Աստուած կը վարձատրէ ձեզ անպայման:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցած օրերու յիշատակը արթնցած է ձեր սրտին մէջ, եւ դուք կ՛անդրադառնաք ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու կարեւորութեան: Ձեր լուրերը փոխանցեցէք առ որ անկ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ վճարելիք մուրհակ ունիք, անտարբեր մի՛ մնաք, ոչ ալ մոռացումի առիթներ տուէք: Ձեր վարկը պահպանելու լաւագոյն միջոցը ժամադրութիւն յարգելն է: Ձեր նկարագիրը կ՛արտայայտէ այդ կեցուածքը:
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print



