Wednesday May 22, 2013

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Ղեկավարներուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնները

By adminx - Mon Jul 30, 7:32 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պաթրունի Քֆար Ապիտա շրջանի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն` մասնակցելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղած ազգային երկխօսութեան կոչին եւ ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները, որոնք պատմական են:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի երկփեղկումը պատճառող թղթածրարներն ու հարցերը քննարկել Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին եւ վերջ տալ Լիբանանի բաժանումը պատճառող երեւոյթներուն: Ան ընդգծեց Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան միասնականութիւնը երաշխաւորող իրականութիւններուն յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը: «Երկփեղկումը պատճառ կը դառնայ առարկայական ճշմարտութենէն հեռանալու եւ ազգային երկխօսութիւնը անտեսելու: Բաժանումին մէջ անպայման կ՛ըլլայ խմբաւորում մը, որ միւսին վրայ կ՛իշխէ եւ անպայման արտաքին ուժի մը կը վստահի` զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ստանալու համար», ըսաւ Ռայի:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ երկրին ազգային ուխտին ու սահմանադրութեան եւ վերջ տալ այս կամ այն քաղաքական ուժին հետեւորդը ըլլալու իրականութեան:

Նշենք, որ պատարագին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը ներկայացուց փոխ վարչապետ Սամիր Մուքպել, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւ անոր հետ քննարկած Աքքար կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Leave a Reply

Advertisement