Saturday May 25, 2013

«Արմաւիա»-ի Առաջարկը Պիտի Քննարկէ Տնտեսութեան Նախարարութիւնը

By adminx - Mon Jul 30, 7:42 am

«Արմաւիա» ընկերութեան պատասխան նամակը սփիւռքի նախարարութիւնը ուրբաթ օր ուղարկեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան, որպէսզի այնտեղ քննարկուի «Արմաւիա»-ի առաջարկը կատարելու կարելիութիւնները:

Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքները համակարգող աշխատանքային խմբակի նախագահ Ֆիրտուս Զաքարեան: Ան նշեց, որ «Արմաւիա»  համաձայնած է յաւելեալ թռիչք բանալ այն պայմանով, որ կառավարութիւնը 100 հազար դրամ վճարէ ամէն վաճառուող տոմսի դիմաց:

Հալէպ-Երեւան ամէնէն աժան տոմսը այժմ 117 000 դրամ է, իսկ ամէնէն սուղը` 192 000 դրամ:

Վերջերս  սփիւռքի նախարարութիւնը նամակ յղած էր Հայաստանի ազգային փոխադրող «Արմաւիա» ընկերութեան` խնդրելով աւելցնել Հալէպ-Երեւան թռիչքներուն թիւը եւ վերատեսութեան ենթարկել տոմսերու սակագինը: «Արմաւիա» յայտարարութիւն մը տարածեց`  նշելով, թէ ներկայիս վտանգներու պարագային պատրաստ է ոչ միայն շարունակել իր շաբաթական թռիչքները, այլեւ աւելցնել թռիչքներու թիւը կառավարութեան աջակցութեամբ:

«Արմաւիա»-ի ընդհանուր տնօրէն Արմէն Ազնաւուրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին մէջ նախապէս շեշտած  էր, որ կառավարութեան աջակցութեամբ կրնան յաւելեալ թռիչքներ իրականացնել: Ան նշած էր  նաեւ, որ եւրոպական երկիրներու օդանաւային ընկերութիւնները դադրեցուցած են թռիչքները դէպի Սուրիա, իսկ իրենք, իբրեւ ազգային օդանաւային ընկերութիւն, կը շարունակեն այդ թռիչքները իրականացնել` հաշուի չառնելով միջազգային յորդորները այդ ուղղութեամբ թռիչքներէն զերծ մնալու մասին:

Շատ սուրիահայեր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցներուն ընթացքին բազմիցս նշեցին, որ կարիք կայ աւելցնելու թռիչքները եւ նուազեցնելու տոմսերու սակագինը:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement