Tuesday May 21, 2013

Սպանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծի Քննարկումը Յետաձգուած Է

By adminx - Mon Jul 30, 7:40 am

Պարսելոնայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արմէն Սիրուեան «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրին յայտնած է, որ Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու գծով հոկտեմբերին նախատեսուած քննարկումը յետաձգուած է երկրին մէջ տիրող տնտեսական բարդ վիճակին պատճառով:

«Բայց եւ այնպէս, հակառակ Սպանիոյ ընկերա-տնտեսական ծանր վիճակին, Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ հարցը հետապնդել երեսփոխաններու մօտ եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար նոր նախաձեռնութիւններ կ՛առաջարկէ», նշած է ան:

Ըստ Սիրուեանի, սպանացի երեսփոխաններն ու հասարակութեան լայն հատուածներ ծանօթ չեն հայկական հարցին, այդ պատճառով ալ յանձնախումբը այդ բացը կը ձգտի լրացնել` լրագրողներուն հետ հանդիպումներ կազմակերպելով: «Խնդիրներէն մէկը հայ համայնքի` երկրին տարածքին ցրուած ըլլալն է: Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի, Սպանիոյ հայ համայնքը հարցի լուծման համար համախմբուած չէ», նշած է ան:

Leave a Reply

Advertisement