Նախագահ Սլէյման Հարիրիի Հետ Քննարկեց Սայտայի Իրադարձութիւնները
By adminx - Mon Jul 30, 7:38 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց Սայտայի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայտայի քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, երէկ Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սայտայի ազդեցիկ դէմքերու ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Սայտայի մէջ յայտարարուած այսօրուան գործադուլը յետաձգուած է` ընդառաջելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց նախարարին` շէյխ Ահմետ Ասիրի հետ յաւելեալ բանակցութիւններու առիթ տալու նպատակով:
Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած այս ընդարձակ նիստէն ետք գործադուլը 48 ժամով յետաձգելու որոշումը կարդաց Սայտայի առեւտրականներու միութեան նախագահ Ալի Շերիֆ:
Այս մասին խօսելով` Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ շէյխ Ասիրի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններուն պատճառով է, որ այսօրուան գործադուլը յետաձգուած է:
Սաատ մերժեց այն պատճառաբանութիւնները, թէ այդ գործադուլին յետաձգումը կատարուած է ընդառաջելով վարչապետին եւ ներքին գործոց նախարարին փափաքին:
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ յայտնեց, որ իրենք կը խորհրդակցին Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի հետ` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան բաց նստացոյցին ու երբեք չեն փափաքիր ենթարկուիլ սպառնալիքներուն եւ իրենց դէմ գործուող շանթաժին, որուն նպատակն է Սայտայի դէմ սադրանքներ նախապատրաստել:
«Ապահովութեան ուժերուն եւ մեր միջեւ բախում պատճառելու նպատակով կատարուած փորձերը պիտի չյաջողին, հակառակ անոր որ մենք որոշ վերապահութիւններ ունինք մեր համակիրներուն դէմ կարգ մը ապահովական ուժերու վարուելակերպին առումով», ըսաւ շէյխ Ասիր:
Իր կարգին, Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ապահովական կառոյցները պատասխանատու գտաւ Սայտայի մէջ կացութեան բարդացումին:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան յանձնախումբը որոշած է շրջափակել Սայտայի մուտքին կատարուող շէյխ Ասիրի յայտարարած բաց նստացոյցը` արգիլելով անոր ընդարձակումը: Ան աւելցուց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան փոփոխութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ Թրիփոլիի եւ Սայտայի միջադէպերը լուծելու, ապա կարելի է փոխել կառավարութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ պէտք է վերջ տալ շէյխ Ահմետ Ասիրի նստացոյցին եւ հանգստութիւն պարգեւել Սայտայի բնակչութեան:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print




