Wednesday Jun 19, 2013

Մերեհպիի Եւ Բանակի Հրամանատարութեան Միջեւ Բանավէճ

By adminx - Mon Jul 30, 7:35 am

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսաւ, թէ Լիբանանը կարելի չէ ղեկավարել առանց ազգային միասնականութեան կառավարութեան:

Մերեհպի աւելցուց, որ Աքքարի բնակչութիւնը բռնագաղթի կ՛ենթարկուի եւ կը փոխադրուի դէպի աւելի հեռաւոր գիւղեր, սակայն ոչ ոք այս իմաստով հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, «իսկ բանակը անոնց դէմ կրակելու յստակ ցուցմունքներ ունի», աւելցուց ան:

Մերեհպի շեշտեց, որ Աքքար ամէնօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծուի, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը կը դիտէ Աքքարի բնակչութեան սպանդը:

Մերեհպի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ձախող անձ մըն է եւ ան պատասխանատու է գործուած բոլոր սխալներուն ու սադրանքներուն, «իսկ անոր կատարած յայտարարութիւնները անհամ են: Ան պաշտօնեայ մըն է, որ պէտք է իր պարտականութիւնները կատարէ, սակայն ան բանակը` զինուորական հաստատութիւնը կ՛օգտագործէ հասնելու համար հանրապետութեան նախագահութեան», ըսաւ Մերեհպի:

Բանակը Կը Պատասխանէ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իսկոյն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ պատասխանեց Մերեհպիի յայտարարութիւններուն` շեշտելով, որ անոնք անարգական էին բանակին եւ անոր հրամանատարութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Աքքարի բնակիչներուն նկատմամբ, նկատի ունենալով, որ Աքքարի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի լիբանանեան բանակին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նման յայտարարութիւններ վայել չեն խորհրդարանի ներկայացուցիչի մը, որ կրնայ անոնց շնորհիւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր ժողովրդականութիւնը կորսնցնել` իր կատարած անհիմն ամբաստանութիւններուն պատճառով:

Բանակին հրամանատարութիւնը հարց տուաւ Մերեհպիի պատկանած երեսփոխանական պլոքին, որ արդեօք անիկա համաձայ՞ն է իր անդամին կատարած յայտարարութիւններուն: Իսկ անդրադառնալով ռմբակոծուող Աքքարի գիւղերուն եւ ժողովուրդին դէմ գործուող սպանդներուն` բանակի հրամանատարութիւնը հարց տուաւ, թէ ո՞ր շրջաններուն մէջ նման «դէպքեր» կը պատահին:

Այս ծիրին մէջ, բանակի հրամանատարութիւնը Մերեհպիի ուշադրութեան յանձնեց, որ երեսփոխան Խալետ Տահեր երէկ դրուատած է լիբանանեան բանակին գործունէութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնած անոր` հիւսիսային Լիբանանի մէջ իր ստանձնած առաքելութեան համար:

«Մերեհպիի այս կեցուածքները կը յանձնենք լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութեան, որովհետեւ ան իբրեւ երեսփոխան պէտք է ամէնէն աւելի յանձնառու եւ նախանձախնդիր ըլլայ բանակին եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան եւ ոչ թէ անոնց դէմ ցեխարձակումներ կատարէ` բանակը եւ Աքքարի բնակչութիւնը իրարու դէմ հրահրելու նպատակով:

«Մերեհպի պէտք է լաւ գիտնայ, որ բանակին սպաներն ու զինուորները իր մօտ պաշտօնեաներ չեն, այլ անոնք լիբանանցիներուն պաշտօնեաներն են եւ կ՛ենթարկուին միայն օրինական պետութեան հրահանգներուն, ինչպէս նաեւ ազգային միացեալ կամքին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ հերքեց Մերեհպիի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ լիբանանեան բանակէն զինուորներ վիրաւորուած են սուրիացի զինուորներուն փամփուշտով` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին պարտականութիւնը երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնն է եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան պահպանումը:

Բանակի հրամանատարութեան հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ նշելով, որ հիւսիսային Լիբանանի բնակչութիւնը քաջ գիտէ բանակին զոհողութիւններուն մասին եւ անոր քաղաքական թէ հոգեւոր ղեկավարութիւնները մնայուն զօրակցութիւն յայտնած են բանակին եւ անոնք կարողութիւնը ունին զանազանելու պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները լուսանցքայնացնողներուն եւ իրենց ազգին ու երկրին միասնականութեան ու արժանապատուութեան սիրոյն իրենց արիւնը թափողներուն միջեւ:

Leave a Reply

Advertisement