Monday May 20, 2013

Վարչապետ Միքաթի Կը Պարգեւատրէ Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

By adminx - Mon Jul 30, 7:34 am

Վարչապետ Միքաթի` Լիբանանի ողիմպիական պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պարգեւատրեց Լոնտոնի 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պատուիրակութիւնը` մաղթելով, որ Աստուած պահպանէ Լիբանանը:

«Լիբանանեան ներքին դժուարութիւնները դիմագրաւելու առումով իմ գրաւս միշտ ալ եղած է լիբանանցիներուն գիտակցութեան վրայ», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին տապալումը Լիբանանի հետ կապ չունի, «հակառակ անոր որ մենք կը փափաքինք Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը», աւելցուց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է Լոնտոնի զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան, միասնականութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ:

Վարչապետ Միքաթի բնական նկատեց հանրապետութեան նախագահին կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն բողոք ներկայացնելու քայլը` նկատել տալով, որ անիկա կը բխի լիբանանեան գերիշխանութիւնը ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու Լիբանանի սկզբունքային կեցուածքէն:

Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան գործունէութեան` վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կարիք ունի արտակարգ կառավարութեան:

Վարչապետ Միքաթի նաեւ յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա` հաստատելով, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ հաստատ:

 

Leave a Reply

Advertisement