Ժոմպլաթ. «Ապահովական Կարգ Մը Կառոյցներ Սուրիական Վարչակարգին Հրահանգներուն Կ՛Ենթարկուին»
By adminx - Mon Jul 30, 7:32 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիական վարչակարգը նախկինին նման գոյութիւն ունի եւ նոյնքան հզօր է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ կան ապահովական այնպիսի կառոյցներ, որոնք իրենց հրահանգները կը ստանան սուրիական վարչակարգէն եւ կ՛ենթարկուին անոր:
Ժոմպլաթ նշեց, որ երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ աշխատանքի համակարգում չկայ: Ան աւելցուց, որ այդ կառոյցները պէտք է նախ եւ առաջ լիբանանեան պետութեան հաւատարիմ մնան եւ ապա անհատներու եւ կուսակցութեանց:
«Երբ երկրին ապահովական կառոյցները այլոց եւ Սուրիոյ կ՛ենթարկուին, մենք պէտք է մտահոգուինք, որովհետեւ անոնք այս պարագային պիտի ենթարկուին այնպիսի ցուցմունքներու, որոնք պիտի գործադրուին Լիբանանի ապահովութեան, կայունութեան եւ լիբանանեան արժանապատուութեան հաշուոյն», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի կողմէ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները ուղղակի զարմանք պատճառած են իրեն:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին կողմէ ազգային երկխօսութիւն կատարելու նպատակով ի գործ դրուող ջանքերուն:
Հըզպալլայի ապազինման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս հանգրուանը կրնայ յարմար ատենը չըլլալ զէնքերու յանձնումին, սակայն անոնք նուազագոյնը կրնային յայտնել, թէ պատրաստ են դիւրացնելու լիբանանեան պետութեան աշխատանքը: «Բանակ, ժողովուրդ, դիմադրութիւն տարազին ներքեւ պետութիւնը բոլոր շրջաններուն, նոյնիսկ հարաւային արուարձաններուն մէջ ոտնակոխ կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ աւելցուց, որ պէտք է իրեն դէմ գործուելիք մահափորձին մասին տեղեկութիւնները խոշորացոյցի տակ չառնել` նշելով, որ իր անձնական ապահովութեան իմաստով նուազագոյն միջոցներուն կը դիմէ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք Ժոմպլաթը չէ ամբաստանած իր դէմ կատարուած մահափորձին յանցանքով` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթի վարուելակերպը ցոյց կու տայ, որ ինք կը զօրակցի այն կուսակցականներուն, որոնք Ռաղետ Իտ անունով երիտասարդը պատրաստած են զինք սպաննելու նպատակով: Ան աւելցուց, որ Իտ այս բոլորին մասին վկայած է, եւ այդ վկայութեան տեսերիզը իրենց մօտ կը գտնուի:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



