Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Mon Jul 30, 7:28 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իր դէմ բացայայտուած մահափորձի ծրագիրի բացայայտումէն եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն զգուշացումներէն ի վեր ան Այն Թինիէն դուրս չէ եկած:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան լիբանանեան բանակէն խնդրեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ապահովութիւնը խախտող իւրաքանչիւր կողմի նկատմամբ շատ խիստ վարուելակերպ ցուցաբերել:
ՀԱԿԱՌԱԿ Քըպէյեաթի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ գտնուած սպառնալիքին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անշեղ կը մնայ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Աքքար կատարելիք իր հովուապետական այցելութեան մտադրութենէն: Այս մասին հաստատումներ կատարեց նաեւ նախկին երեսփոխան Քերիմ Ռասի` շեշտելով, որ սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով պիտի կարենան փոփոխութեան ենթարկել Ռայի պատրիարքին Աքքար այցելութեան մտադրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն պահանջները կը պայթեցնեն Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծը, իսկ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ անոնց նկատմամբ իր պարտականութիւնները կատարած է:
ԵՐԿՐԻՆ ապահովական կառոյցներուն հեռաձայնային հաղորդակցութեանց տեղեկութիւնները յանձնելու առումով, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները որոշում մը տուած են այդ գծով, իսկ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը այդ որոշումը գործադրած է:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ ամերիկեան որոշումով մը Պանտար պըն Սուլթան ներկայիս ստանձնած է Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Համտան շեշտեց, որ պըն Սուլթան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ Լիբանանի վարչապետ նշանակուի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանները յուզող ընդհանուր կացութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախարարութիւնը չի փափաքիր Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները վտարել, այլեւ` ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պահպանելու համար անոնց իրաւունքները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծման առնչութեամբ դրական յատկանիշներ գոյութիւն ունին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Սուրիոյ ապահովական ապակայունութիւնը անպայման կը հարուածէ լիբանանեան կայունութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը պիտի չտապալի սուրիական վարչակարգին տապալումով, այլ պիտի ամրապնդուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Ամալ շարժումին յարաբերութիւնները չեն խզուած` աւելցնելով, որ քաղաքական այս երկու ուժերուն միջեւ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը որոշած են 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Զղարթայի մէջ առաջադրել Միշել Մուաուատի եւ Եուսեֆ Տուէյհիի թեկնածութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ ոչ ոք կը փափաքի Թրիփոլիի մէջ ճակատները բաց պահել եւ մնայուն բախումներու դուռ բանալ:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Ազգային երկխօսութեան նիստերը վերաշխուժացնելու ջանքերուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ այս կամ այն շրջանին մէջ բռնկած լարուածութիւնները կազմակերպուած ձեւով կ՛արձանագրուին:
ԺԱՊԱԼ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ բախումները շարունակուեցան շաբաթ օրուան ընթացքին եւս, սակայն անոնք շաբաթ երեկոյեան կանգ առին: Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան նաեւ նռնականետեր եւ հրասանդեր, որոնք պատճառեցին մեծ թիւով վիրաւորներ:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին վերսկսումը առկայ է:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծման առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքը փոքրամասնութիւն չէ, այլ մնայուն կերպով եղած է այն կամուրջը, որ ժողովրդավարութեան հիմքը կը նկատուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին պիտի գումարէ ընդարձակ նիստ մը:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



