Thursday May 23, 2013

Ահմատինեժատ Շնորհաւորեց Սէյիտ Նասրալլան

By adminx - Mon Jul 30, 7:29 am

Հըզպալլայի տեղեկատուական հարցերու գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ շնորհաւորական նամակ մը յղած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` յուլիսեան պատերազմին յաղթանակին առիթով:

«Երեսուներեքօրեայ պատերազմին շրջագիծին մէջ տարուած յաղթանակը փառաւոր յաղթանակ մըն է թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ շրջանին համար, որովհետեւ անոր ընթացքին է, որ Հըզպալլայի մարտիկները կրցած են պարտութեան մատնել շրջանի ամէնէն հզօր ուժը նկատուող իսրայէլեան գոյացութեան բանակը, որ մնայուն կերպով յարձակումներ կը գործէ եւ կը շարունակէ արաբական հողերը բռնագրաւուած պահել», նշեց Ահմատինեժատ:

Իրանի նախագահը բարձր գնահատեց այս յաղթանակը, որ բարձրացուցած է նաեւ արաբ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը` ընդգծելով, որ այսօր շրջանին ժողովուրդները կը քաղեն Դիմադրութեան ցանած սերմերուն բերքը:

«Այսօրուան դրութեամբ սարդոստայնները շատ աւելի դիւրաբեկ դարձած են, իսկ Դիմադրութեան եւ ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին դէմ պայքարող պետութիւնները շատ աւելի զօրաւոր են», նշեց Ահմատինեժատ` լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցելով սէյիտ Նասրալլային եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն:

 

Leave a Reply

Advertisement