Թուրք Բեմադրիչներ «Ցեղասպանութեան» Մասին Ժապաւէն Մը Կը Պատրաստեն
By adminx - Mon Jul 30, 7:27 am
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը գրէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները նիւթ դարձան թուրք բեմադրիչներու կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնի մը:
Թրքական «Թիւմհապերթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ նկարահանումները կատարուած են Մարտին եւ Պաթման քաղաքներուն մէջ: Բացի հայերէն, անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ասորիներու կոտորածներուն:
Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կը պատմուի, որ 1915-ին հայեր տեղահանուած են իրենց բնակավայրերէն` Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքը տարուելու նպատակով, սակայն ճամբուն վրայ, զանազան հրոսակախումբերու յարձակումներուն եւ անբարենպաստ պայմաններու պատճառով, մեծ թիւով հայեր զոհուած են: Շարժապատկերին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Տիգրանակերտի այդ օրերու նահանգապետ Ռեշիտ Պէյ տեղական կառավարիչներուն անձամբ հրահանգներ տուած է հայերը կոտորելու մասին:
Շարժապատկերին մէջ ներկայացուած են Միտիաթ գաւառին մէջ քրտական խումբերու յարձակումները` ասորիներու վրայ:
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print



