Մինչ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերուն Մէջ Բախումներ Տեղի Կ՛Ունենան Մոալլեմ Կը Վստահեցնէ, Որ Սուրիական Կանոնաւոր Բանակը Հալէպի Մէջ Յաղթանակ Պիտի Արձանագրէ
By adminx - Mon Jul 30, 7:26 am
- 0 Comments
- 176 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար յայտնեց, որ սուրիական ուժերը «ահաբեկչութեան բոլոր երեւոյթները արմատախիլ պիտի ընեն»` սուրիական բանակին դէմ զէնք բարձրացնողներուն կոչ ուղղելով «խելքերնին գլուխնին հաւաքելու»:
Ան Դամասկոսի մէջ Ազգային ապահովութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին վիրաւորուելէն ետք իր պատկերասփռուած առաջին ելոյթին ընթացքին զինեալներուն կոչ ուղղեց անդրադառնալու, որ իրենց երկրին կայունութիւնը հարուածելու համար իբրեւ միջոց կ՛օգտագործուին:
Մոալլեմ. «Լիբանանէն Կ՛ուզենք, Որ Մեզի Օգնէ
Ահաբեկիչներու Եւ Զէնքերու Ներթափանցման Վերջ Տալու»
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ սուրիացի ժողովուրդը վճռակամ է ոչ միայն «դաւադրութեան դէմ դնելու, այլեւ տոկալու եւ այդ դաւադրութեան դէմ յաղթանակ արձանագրելու»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը համաշխարհային դաւադրութիւն մըն է, որուն շրջանային գործիքները սկսած են Իսրայէլի շահերուն ծառայել` ընդգծելով, որ «Հալէպի մէջ անոնց ծրագիրները պիտի ձախողին»:
«Լիբանանին համար մեր ուզածը անոր անվտանգութիւնն ու միութիւնն է, եւ որ իր սահմանէն ահաբեկիչներու (Սուրիա) ներթափանցումը արգիլէ, ինչ որ ի շահ Սուրիոյ եւ Լիբանանի է», ըսաւ Մոալլեմ` շեշտելով, որ «մենք Սուրիան պաշտպանելու համար բաւարար պաշտպանողական կարողութիւններ ունինք»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան մղիչ ուժը Իսրայէլն է, եւ գոյութիւն ունին արաբական երկիրներ, որոնք այդ դաւադրութեան գործադրութեան համար Իսրայէլի հետ նոյն խրամատին մէջ են: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը համամիտ գտնուեցաւ Մոալլեմի այս հաստատումին` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ սուրիական վարչակարգը տապալելու որոշում տուած է»:
«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ բարեփոխումներ կը կատարէ, սակայն անոնք այդ բարեփոխումներուն ընթացք առնելուն առիթ չեն տար», ըսաւ ան` շրջանի ժողովուրդներուն կոչ ուղղելով «արթուն ըլլալու»:
Ան շրջանին մէջ «խումբ մը երկիրներու» կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու եւ ողջմտութեամբ վարուելու, «որովհետեւ եթէ շարունակեն իրենց սխալ ընթացքը, ապա ատոր հետեւանքները պիտի կրեն»: Ան այդ երկիրներուն կոչ ուղղեց` իրենց հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելու եւ Սուրիոյ ներքին կացութեան ուշադիր ըլլալու:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «փոխանցման կառավարութեան մասին խօսիլը ցնորք է, իսկ Սուրիոյ իշխանութեան մէջ բաց ստեղծել երեւակայելը` միամտութիւն»:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի քիւրտ նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի արաբերէն ծառայութեան յայտնեց, որ «յառաջիկայ շաբաթներուն յարմար պահուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խմբակին տեղը առնելու փոխանցման կառավարութեան կազմութեան համար բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան»: Խօսելով Մանաֆ Թլասի սուրիական վարչակարգէն անջատման մասին` Սիտա յայտնեց, որ Թլաս չի կրնար փոխանցման կառավարութեան կազմակերպման առաջին հանգրուաններուն մասնակից դառնալ` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնն ու համակարգումը նախ եւ առաջ պէտք է իրողապէս գետնի վրայ գտնուող ուժերուն, Սուրիական ազատ բանակին եւ յեղափոխական շարժումին հետ ըլլայ:
Մինչ այդ, սուրիական բանակը շաբաթ օր սկսաւ Հալէպի մէջ սպասուած իր գործողութեան, եւ երէկ քաղաքի կարգ մը թաղամասերուն մէջ բախումները շարունակուեցան, եւ ըստ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական բանակը Սալահետտին թաղամասին մէջ յառաջխաղացք արձանագրեց: Լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ըմբոստ զինեալներու հեռաձայնային խօսակցութիւններու վերծանումէն յստակ կը դառնայ, որ անոնց շրջանակներուն մէջ խուճապ եւ յուսալքութիւն գոյութիւն ունի: Հալէպի այն շրջանները, ուր անոնք ամրացած են, ամբողջովին շրջապատուած է եւ անոնք մեկուսացած են:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, ըմբոստներու մեծ խումբ մը, որ շրջապատուած էր, զէնքերով միասին յանձնուած է բանակին: Ըստ գերեվարուած զինեալներու, անոնց ղեկավարներէն մէկ քանին մարտերու ընթացքին եւ մինչեւ իսկ իրենց հետեւորդներուն կողմէ սպաննուած են, իսկ մնացեալ զինեալները պատրաստ են յանձնուելու, սակայն յարմար պահու կը սպասեն:
«Ֆարս Նիուզ» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգին մէջ չէզոքացուցած է զինեալ խմբաւորումներու երեք ղեկավարներ: Էրիխա բնակավայրին մօտ սպաննուած է զինեալներու ղեկավար Թարիք Սայետը, իսկ Խաս բնակավայրին մօտ սպաննուած են երկու այլ հրամանատարներ` Օմար Պոյուր եւ Զաքարիյա Ֆարհաթ:
Միւս կողմէ, աղբիւր մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Իթթիհատ» օրաթերթին յայտնեց, որ յորդանանեան բանակը հազարաւոր զինուորներով եւ սպառազինութեամբ ամրապնդած է Սուրիոյ հետ Յորդանանի սահմանի ապահովութիւնը եւ իր երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար պատրաստութեան բարձր վիճակի մէջ դրուած է:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղադրած է: Անոնք տեղադրուած են Մարտին նահանգին մէջ: «ՄԻԿ Նիուզ» կը նշէ, որ «Էմ-113» համակարգերուն պարտականութիւնն է Սուրիոյ քիմիական հրթիռները ոչնչացնել:
- 0 Comments
- 176 views
- Tweet
Email
Print




