Saturday May 25, 2013

Տաւութօղլու. «Թուրքիա Սուրիոյ Հետ Իր Սահմաններուն Մօտ Ահաբեկչութեան Ենթակառոյցի Հաստատում Պիտի Չարտօնէ»

By adminx - Mon Jul 30, 7:23 am

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը «Սուրիոյ հետ իր սահմաններուն մօտ ահաբեկչութեան ենթակառոյցի հաստատում պիտի չարտօնէ»` նշելով, որ «Թուրքիա ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը պիտի կիրարկէ այդ ահաբեկչութեան աղբիւրը Քայիտան ըլլայ, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)»:

Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միասնութիւն կամ Եքիթի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մուհիտտին Շէյխ Ալի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՔԱԿ-ի`  Սուրիոյ մէջ քրտաբնակ կարգ մը քաղաքներ իր վերահսկողութեան ենթարկելու մասին լուրերը չափազանցուած են, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը բացայայտ ներկայութիւն չունի, թէեւ քրտական շրջանակներուն մէջ համակիրներ ունի:

Ան նշեց, որ «Իրաքի քրտական բնորդը որդեգրելը Սուրիոյ քիւրտերուն շահերէն չի բխիր»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը Իրաքի կացութենէն տարբեր է: «Մենք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ նախանձախնդիր ենք, իսկ ժողովրդավարութիւնը միայն քիւրտերուն իրաւունքները կրնայ երաշխաւորել», ընդգծեց Շէյխ Ալի: Ան ըսաւ, որ իրենք կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրումը եւ քիւրտերուն իրաւունքը ապահովող նոր սահմանադրութեան նախագիծի մը պատրաստութիւնը:

Շէյխ Ալի ըսաւ, որ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա իրաւունք ունի ՔԱԿ-ի զինեալները անհրաժեշտութեան պարագային սուրիական հողերուն մէջ ալ հետապնդելու, թուրք-սուրիական սահմանի կայունութեան չի նպաստեր, այլ վտանգները կ՛աւելցնէ: «Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը Թուրքիոյ շահերէն չի բխիր, որովհետեւ ՔԱԿ-ը հետապնդելու պատրուակով որեւէ զինուորական միջամտութիւն յաւելեալ արիւնահեղութիւն պիտի պատճառէ», շեշտեց ան:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի գլխաւոր խմբագիր, վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ, խօսելով Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն աշխուժութեան մասին, «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի մէջ կը գրէ, որ «այն, որմէ մենք տարիներէ ի վեր կը վախնայինք, այսօր տեղի կ՛ունենայ ապիկարութեան եւ սահմանափակ մտածողութեան պատճառով»: Ըստ անոր, Ասատ Դամասկոսի պաշտպանութեան վրայ որքա՛ն ուշադրութիւն կեդրոնացնէ, այնքան քիւրտերը կարելիութիւն պիտի ունենան Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ ստեղծուած բացը լեցնելու:

«Քաղաքական սխալ հաշուարկներու պատճառով մենք կը կորսնցնենք (քրտական) հարցի լուծումը: Կամ ալ թրքական կառավարութիւնը այնպիսի ճատրակային նուրբ խաղ կը խաղայ, որ մենք ի վիճակի չենք հասկնալու: Եթէ այդպէս է, պատրաստ եմ ներում հայցելու: Եթէ ոչ, ապա պիտի շարունակեմ գոռալ, որ իմ երկիրս կը գտնուի մասնատման եզրին, եւ մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:

Leave a Reply

Advertisement